ՍԱՂՄՈՍ 1

Երանելի է այն մարդը, Որ ամբարիշտներուն խորհուրդին մէջ չի քալեր, Ու մեղաւորներուն ճամբուն մէջ չի կենար, Եւ ծաղր ընողներուն նստած տեղը չի նստիր.
2 Հապա անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, Եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ։
3 Անիկա ջուրի ճամբաները տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ, Որ իր ժամանակին իր պտուղը պիտի տայ. Ու անոր տերեւը պիտի չթափի, Եւ ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի։
4 Այսպէս չեն ամբարիշտները, Հապա մղեղի պէս՝ որ հովը կը ցրուէ։
5 Ասոր համար ամբարիշտները դատաստանի մէջ պիտի չկրնան կենալ, Ո՛չ ալ մեղաւորները՝ արդարներուն ժողովին մէջ։
6 Վասն զի Տէրը կը ճանչնայ արդարներուն ճամբան, Բայց ամբարիշտներուն ճամբան պիտի կորսուի։