ՍԱՂՄՈՍ 56

Ո՛վ Աստուած, ողորմէ՛ ինծի, Վասն զի մարդը կ’ուզէ զիս կլլել. Ամէն օր պատերազմ ընելով զիս կը նեղէ։
2 Թշնամիներս ամէն օր կ’ուզեն զիս կլլել, Վասն զի շատ մարդիկ ամբարտաւանութիւնով ինծի հետ կը մարտնչին։
3 Երբ վախնամ քեզի պիտի յուսամ։
4 Աստուծմով պիտի գովեմ իր խօսքը. Աստուծոյ կը յուսամ, պիտի չվախնամ. Մարմինը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել։
5 Ամէն օր իմ բաներուս վնաս կու տան՝ ՝, Իմ վրայովս անոնց բոլոր խորհուրդները չարիքի համար են։
6 Կը հաւաքուին ու կը պահուին, Իմ շաւիղներս կը դիտեն, Վասն զի իմ անձիս կը սպասեն։
7 Միթէ անօրէնութիւնով անոնց փրկութիւն կ’ըլլա՞յ. Բարկութիւնով ժողովուրդները վար ձգէ՛, ո՛վ Աստուած։
8 Իմ թափառական պտըտիլս համրեցիր, Արցունքներս քու տիկիդ մէջ դի՛ր։ Միթէ անոնք քու գրքիդ մէջ գրուած չե՞ն։
9 Երբ քեզի կանչեմ, ետ պիտի դառնան իմ թշնամիներս. Գիտեմ թէ Աստուած ինծի հետ է։
10 Աստուծմով պիտի գովեմ իր խօսքը, Տէրոջմով պիտի գովեմ իր խօսքը։
11 Աստուծոյ կը յուսամ, պիտի չվախնամ. Մարդը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել։
12 Ո՛վ Աստուած, քեզի հետ ունեցած ուխտս պիտի կատարեմ։ Քեզի շնորհակալութեան զոհ պիտի մատուցանեմ,
13 Որովհետեւ իմ անձս մահուանէ ազատեցիր։ Ոտքերս ալ անկումէ չե՞ս ազատեր, Որպէս զի Աստուծոյ առջեւ քալեմ կեանքի լոյսին մէջ։