ՍԱՂՄՈՍ 116

Ուրախ եմ ես, վասն զի Տէրը Իմ ձայնս ու աղաչանքս լսեց,
2 Վասն զի անիկա իր ականջը ինծի խոնարհեցուց, Ուստի բոլոր կեանքիս մէջ անոր պիտի կանչեմ։
3 Մահուան լարերը զիս պատեցին Ու գերեզմանին վիշտերը զիս գտան։ Նեղութիւն ու տրտմութիւն գտայ։
4 Բայց ես Տէրոջը անունը կանչեցի։ Կ՛աղաչեմ, ո՛վ Տէր, փրկէ՛ իմ անձս։
5 Ողորմած ու արդար է Տէրը Եւ մեր Աստուածը գթած է։
6 Տէրը միամիտները կը պահէ։ Ես խեղճ եղայ ու անիկա զիս ազատեց։
7 Ո՛վ իմ անձս, դարձիր քու հանգստութեանդ, Քանզի Տէրը քեզի բարիք ըրաւ։
8 Վասն զի դուն իմ անձս մահուանէ փրկեցիր, Իմ աչքերս՝ արցունքի ու իմ ոտքերս՝ գայթակղելէն։
9 Տէրոջը առջեւ պիտի քալեմ Կենդանիներուն երկրին մէջ։
10 Հաւատացի, անոր համար խօսեցայ։ «Ես խիստ թշուառացայ»։
11 Իմ շփոթութեանս մէջ ըսի. «Ամէն մարդ սուտ է»։
12 Ի՞նչ հատուցանեմ Տէրոջը՝ Անոր ինծի ըրած բոլոր բարութեանը փոխարէն։
13 Փրկութեան բաժակը պիտի առնեմ Ու Տէրոջը անունը պիտի կանչեմ։
14 Իմ ուխտերս Տէրոջը պիտի հատուցանեմ Իր բոլոր ժողովուրդին առջեւ
15 Պատուական է Տէրոջը առջեւ Իր սուրբերուն մահը։
16 Կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, վասն զի եւ քու ծառադ եմ։ Ես քու ծառադ եմ ու քու աղախինիդ՝ որդին։ Դո՛ւն իմ կապերս արձակեցիր։
17 Գոհութեան պատարագ պիտի մատուցանեմ քեզի Ու Տէրոջը անունը պիտի կանչեմ։
18 Իմ ուխտերս Տէրոջը պիտի հատուցանեմ Իր բոլոր ժողովուրդին առջեւ,
19 Տէրոջը տանը սրահներուն մէջ, Քու մէջդ, ո՛վ Երուսաղէմ։ Ալէլուիա՜։