ՍԱՂՄՈՍ 32

Երանի՜ անոր, որուն յանցանքներուն թողութիւն եղաւ Ու անոր մեղքերը ծածկուեցան։
2 Երանի՜ այն մարդուն՝ որուն՝ Տէրը անօրէնութիւն չի սեպեր Ու անոր հոգիին մէջ նենգութիւն չկայ։
3 Երբ մեղքերս չխոստովանեցայ, ոսկորներս մաշեցան Ամէն օր աղաղակելովս,
4 Վասն զի ցորեկ ու գիշեր քու ձեռքդ իմ վրաս ծանրացաւ. Իմ թացութիւնս ամառուան չորութեան դարձաւ։ (Սէլա։)
5 Իմ մեղքս քեզի յայտնեցի Ու իմ անօրէնութիւնս չծածկեցի։ Ըսի թէ՝ «Տէրոջը պիտի խոստովանիմ յանցանքներս»։ Ու դուն ներեցիր իմ մեղքիս անօրէնութիւնը։ (Սէլա։)
6 Ասոր համար ամէն աստուածապաշտ աղօթք պիտի ընէ քեզի Քու գտնուելու ժամանակդ։ Արդարեւ շատ ջուրերու հեղեղներուն ատենը Անոր պիտի չմօտենան։
7 Դուն ես իմ ապաստանարանս։ Նեղութենէն զիս պիտի պահես։ Դուն զիս պիտի պատես ազատութեան երգերով։ (Սէլա։)
8 Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի. Քեզ պիտի խրատեմ՝ ՝, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ։
9 Ձիու պէս ու ջորիի պէս մի՛ ըլլաք, որոնք միտք չունին Ու իրենց սանձով ու պախուրցով կապելու ես, որպէս զի քեզի չմօտենան։
10 Ամբարշտին տանջանքները շատ պիտի ըլլան, Սակայն սէրը պիտի պատէ Տէրոջը յուսացողին չորս կողմը։
11 Ո՛վ արդարներ, Տէրոջմով ուրախ եղէ՛ք ու ցնծացէ՛ք, Ցնծութեամբ երգեցէ՛ք դուք ամէնքդ, որ սրտով ուղիղ էք։