ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 28
Ո՛վ Տէր, քեզի կը կանչեմ։ Ո՛վ իմ Վէմս, մի՛ լռեր, Չըլլայ որ լռելուդ համար, Գերեզմանը իջնողներուն նմանիմ։
2 Լսէ՛ իմ խնդրուածքիս ձայնը Երբ քեզի աղաչեմ, Երբ իմ ձեռքերս վերցնեմ Դէպի քու սուրբ դաբիրդ։
3 Զիս մի՛ կորսնցներ ամբարիշտներուն հետ Ու անօրէնութիւն գործողներուն հետ, Որոնք իրենց ընկերներուն հետ խաղաղութեամբ կը խօսին, Բայց սրտերնուն մէջ չարութիւն կայ։
4 Հատուցանէ անոնց իրենց գործերուն համեմատ Ու իրենց ըրած չարութեանը համեմատ. Իրենց ձեռքերուն գործերուն համաձայն Հատուցում ըրէ անոնց։
5 Որովհետեւ անոնք Տէրոջը ըրածները Ու անոր ձեռքերուն գործերը նկատի չեն առներ, Պիտի կործանէ զանոնք ու ա՛լ պիտի չշինէ։
6 Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, Որ լսեց իմ աղօթքիս ձայնը։
7 Տէրը զօրութիւնս ու ասպարս է. Իմ սիրտս անոր յուսաց ու ես օգնութիւն գտայ։ Ուստի սիրտս ուրախացաւ Եւ ես իմ երգովս զանիկա պիտի գովեմ։
8 Տէրը անոնց ոյժն է Ու իր օծեալին փրկութեանը պարիսպն է։
9 Փրկէ՛ քու ժողովուրդդ Ու օրհնէ՛ քու ժառանգութիւնդ, Նաեւ հովուէ զանոնք ու յաւիտեան բարձրացուր։