ՍԱՂՄՈՍ 125

Տէրոջը յուսացողները Սիօն լերանը պէս են, Որ չսասանիր, հապա յաւիտեան կը մնայ։
2 Ինչպէս Երուսաղէմ լեռներով շրջապատուած է, Նոյնպէս Տէրը իր ժողովուրդին չորս կողմն է Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։
3 Վասն զի ամբարշտին գաւազանը արդարներուն վիճակին վրայ պիտի չմնայ, Որպէս զի արդարները ձեռքերնին անօրէնութեան չերկնցնեն։
4 Ո՛վ Տէր, բարիք ըրէ բարիներուն Ու սրտով ուղիղներուն։
5 Սակայն զանոնք որ իրենց ծուռ ճամբաներուն մէջ կը մոլորին, Տէրը պիտի կորսնցնէ անօրէնութիւն ընողներուն հետ։ Խաղաղութիւն ըլլայ Իսրայէլի վրայ։