ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 75
Կը գովենք քեզ, ո՛վ Աստուած, Կը գովենք քեզ եւ քու անունդ կը կանչենք, Քու հրաշքներդ կը պատմենք։
2 Երբ որոշուած ժամանակը գայ, Ուղիղ դատաստան պիտի տեսնեմ։
3 Երկիրն ու անոր բոլոր բնակիչները մաշեցան. Անոր սիւները ես հաստատեցի։ (Սէլա։)
4 Ըսի հպարտներուն. «Մի՛ հպարատանաք» Ու ամբարիշտներուն՝ «Եղջիւր մի՛ վերցնէք։
5 Ձեր եղջիւրները վեր մի՛ վերցնէք։ Ամբարտաւան պարանոցով մի՛ խօսիք»։
6 Վասն զի բարձրանալը ո՛չ արեւելքէն է Եւ ո՛չ արեւմուտքէն, ո՛չ ալ անապատէն,
7 Հապա դատաւորը Աստուած է։ Մէկը կը ցածցնէ ու միւսը կը բարձրացնէ։
8 Վասն զի Տէրոջը ձեռքը բաժակ կայ ու գինին կարմիր է։ Անիկա լաւ խառնուած է ու անկէ կը թափէ Եւ երկրին բոլոր ամբարիշտները Անոր մրուրները քամելով պիտի խմեն։
9 Բայց ես յաւիտեան պիտի գովեմ, Յակոբին Աստուծոյն սաղմոս պիտի երգեմ։
10 Ամբարիշտներուն բոլոր եղջիւրները պիտի փշրուին, Արդարին եղջիւրները պիտի բարձրանան։