ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 6
Ո՛վ Տէր, քու սրտմտութիւնովդ զիս մի՛ յանդիմաներ Եւ քու բարկութիւնովդ զիս մի՛ խրատեր։
2 Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի, վասն զի տկար եմ ես. Զիս բժշկէ, ո՛վ Տէր, վասն զի ոսկորներս կը սարսափին։
3 Իմ անձս ալ խիստ սարսափեցաւ. Եւ դուն, ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ։
4 Դարձի՛ր, ո՛վ Տէր, փրկէ իմ անձս, Քու ողորմութեանդ համար զիս ազատէ։
5 Վասն զի մահուան մէջ քեզ յիշատակել չկայ. Գերեզմանին մէջ ո՞վ քեզի շնորհակալութիւն պիտի յայտնէ։
6 Հառաչանք ընելէ յոգնեցայ. Ամէն գիշեր կը լուամ իմ անկողինս, Արցունքներովս կը թրջեմ իմ մահիճս։
7 Իմ աչքս մաշեցաւ տրտմութենէն, Իմ բոլոր թշնամիներուս պատճառով հինցաւ։
8 Ինծմէ ե՛տ կեցէք ամէնքդ ալ, որ անօրէնութիւն կը գործէք. Վասն զի Տէրը իմ լալուս ձայնը լսեց.
9 Տէրը իմ աղօթքս լսեց. Տէրը իմ խնդրուածքս պիտի ընդունի։
10 Թող ամչնան ու խիստ զարհուրին իմ բոլոր թշնամիներս, Ետ թող դառնան ու շուտով ամչնան։