ՍԱՂՄՈՍ 109

Ո՛վ իմ օրհնութեանս Աստուածը, լուռ մի՛ կենար.
2 Վասն զի ամբարշտին Ու նենգաւորին բերանը բացուեցաւ իմ վրաս, Ինծի դէմ սուտ լեզուով խօսեցան։
3 Ատելութեան խօսքերով զիս պատեցին Եւ ինծի հետ անիրաւ տեղը կռուեցան։
4 Իմ սիրոյս փոխարէն հակառակութիւն ըրին ինծի, Բայց ես աղօթք կ’ընէի։
5 Նաեւ իմ բարիքիս տեղ չարիք հատուցանեցին Ու իմ սիրոյս տեղ՝ ատելութիւն։
6 Անոր վրայ ամբարիշտ մը վերակացու դիր Եւ Սատանան թող կայնի անոր աջ կողմը.
7 Երբ դատուի՝ յանցաւոր թող ելլէ Ու անոր աղօթքը մեղք թող սեպուի։
8 Անոր օրերը թող պակսին Եւ անոր պաշտօնը ուրիշը թող առնէ։
9 Անոր որդիները որբ թող ըլլան Ու անոր կինը՝ որբեւարի։
10 Անոր որդիները թափառական թող ըլլան ու մուրան Եւ իրենց աւերակներէն ելլելով հաց փնտռեն։
11 Փոխ տուողը թող առնէ անոր բոլոր ունեցածը Ու օտարները յափշտակեն անոր վաստկածը։
12 Բնաւ մէկը գթութիւն թող չընէ անոր Ու մէ՛կը թող չողորմի անոր որբերուն։
13 Անոր զաւակները կորուստի թող մատնուին, Անոնց անունը գալու ազգին մէջէն թող ջնջուի։
14 Անոր հայրերուն անօրէնութիւնը Տէրոջը առջեւ թող յիշուի Եւ անոր մօրը մեղքը՝ չջնջուի։
15 Անոնք ամէն ժամանակ Տէրոջը առջեւ թող ըլլան, Որպէս զի անոնց յիշատակը երկրէն վերցուի։
16 Վասն զի անիկա ողորմութիւն ընելը չյիշեց, Հապա խեղճը ու աղքատը հալածեց, Որպէս զի սիրտը կոտրածը սպաննէ։
17 Նաեւ անէծքը սիրեց։ Անէծքը թող անոր վրայ գայ։ Օրհնութիւնը չուզեց, ուստի օրհնութիւնը թող անկէ հեռանայ։
18 Անէծքը իր հանդերձին պէս հագաւ, Ուստի անէծքը ջուրի պէս անոր փորը թող մտնէ Ու ձէթի պէս՝ անոր ոսկորներուն մէջ։
19 Հագնելու հանդերձի պէս Ու միշտ մէջքը կապելու գօտիի պէս թող ըլլայ անոր։
20 Ինծի հակառակ կեցողներուն Ու իմ անձիս համար չար խօսողներուն վարձքը այս թող ըլլայ Տէրոջմէն։
21 Բայց դո՛ւն, ո՛վ Տէր Եհովա, օգնէ՛ ինծի՝ ՝ քու անուանդ համար. Փրկէ՛ զիս քու բարի ողորմութեամբդ։
22 Վասն զի ես խեղճ ու աղքատ եմ Ու իմ սիրտս ներսիդիս խոցուած է։
23 Ես երկնցող ստուերի պէս անցայ, Մարախի պէս թօթուըուեցայ։
24 Ծունկերս ծոմապահութենէն տկարացան Ու մարմինս իր պարարտութենէն մաշեցաւ։
25 Ես անոնց նախատինք եղայ, Երբ զիս տեսնեն՝ գլուխնին կը շարժեն։
26 Օգնէ՛ ինծի, ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս. Փրկէ՛ զիս քու ողորմութեանդ համեմատ։
27 Թող գիտնան թէ ա՛յս է քու ձեռքդ Եւ դուն ըրիր ասիկա, ո՛վ Տէր։
28 Թող անոնք անիծեն, բայց դուն օրհնէ՛, Երբ ինծի դէմ ելլեն, թող ամչնան, Բայց քու ծառադ թող ուրախ ըլլայ։
29 Իմ թշնամիներս թող նախատինք հագնին Ու իրենց ամօթը պատմուճանի պէս իրենց վրայ առնեն։
30 Շատ պիտի գոհանամ Տէրոջմէն իմ բերնովս Ու շատերուն մէջ պիտի օրհնեմ զանիկա։
31 Վասն զի ինք աղքատին աջ կողմը կը կենայ, Որպէս զի անոր անձը դատապարտողներէն փրկէ։