ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 131
Ո՛վ Տէր, իմ սիրտս չգոռոզացաւ Եւ իմ աչքերս չբարձրացան։ Ես մեծամեծ բաներու մէջ Եւ ինծմէ բարձր բաներու մէջ չքալեցի։
2 Արդարեւ իմ անձս հանդարտեցուցի ու հանգստացուցի Իր մօրը կաթէն կտրուած տղու մը պէս, Իմ անձս կաթէն կտրուած տղու մը պէս է։
3 Իսրայէլ թող Տէրոջը յուսայ Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։