ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 54
Ո՛վ Աստուած, քու անունովդ զիս ազատէ Ու քու զօրութիւնովդ իրաւունք ըրէ ինծի։
2 Ո՛վ Աստուած, լսէ՛ իմ աղօթքս։ Բերնիս խօսքերուն ականջ դիր,
3 Վասն զի օտարները իմ վրաս ելան Ու բռնաւորները կը փնտռեն իմ անձս Ու Աստուած իրենց առջեւ չդրին։ (Սէլա։)
4 Ահա Աստուած ինծի օգնական է։ Տէրը իմ հոգիիս պաշտպաններուն հետ է։
5 Չարութիւնը թշնամիներուս վրայ պիտի դարձնէ։ Քու ճշմարտութիւնովդ կորսնցուր զանոնք։
6 Ես իմ կամքովս քեզի զոհ պիտի մատուցանեմ, Ո՛վ Տէր, քու անունդ պիտի գովեմ, վասն զի բարի է,
7 Վասն զի ամէն նեղութենէ զիս փրկեց Ու իմ աչքս թշնամիներուս կորուստը տեսաւ։