ՍԱՂՄՈՍ 8

Ո՛վ Տէր, մեր Տէրը, Ի՜նչ փառաւոր է քու անունդ բոլոր երկրի վրայ, Որ քու փառքդ երկինքներէն վեր դրիր։
2 Մանկանց ու կաթնկեր տղայոց բերնով Գովութիւն կատարեցիր՝ քու թշնամիներուդ համար, Որպէս զի թշնամին ու վրէժխնդիրը լռեցնես։
3 Երբ տեսնեմ երկինքը՝ քու մատերուդ գործը՝ Լուսինը ու աստղերը, որոնք դուն հաստատեցիր,
4 Մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես, Կամ մարդու որդին, որ անոր այցելութիւն կընես։
5 Քիչ մը վար ըրիր զանիկա հրեշտակներէն, Փառքով ու պատուով պսակեցիր զանիկա.
6 Քու ձեռքերուդ գործերուն վրայ իշխան դրիր զանիկա. Ամէն բան անոր ոտքին տակ դրիր.
7 Բոլոր ոչխարները ու արջառները, Նաեւ վայրենի անասունները,
8 Երկնքի թռչունները ու ծովուն ձուկերը Եւ ինչ որ ծովու ճամբաներուն մէջ կը պտըտի։
9 Ով Տէր, մեր Տէրը, Ի՜նչ փառաւոր է քու անունդ բոլոր երկրի վրայ։