ՍԱՂՄՈՍ 87

Անոր հիմերը սուրբ լեռներուն վրայ են։
2 Տէրը Սիօնի դռները Յակոբին բոլոր բնակարաններէն աւելի կըսիրէ։
3 Փառաւոր բաներ կը պատմուին քեզի համար, Ո՛վ Աստուծոյ քաղաքը։ (Սէլա։)
4 Ռահաբը ու Բաբելոնը պիտի յիշեմ զիս ճանչցողներուն մէջ՝ ՝, Ահա Փղշտացիներուն երկիրը ու Տիւրոս Քուշի հետ. Ասոնք ալ հոն ծնան։
5 Սիօնին համար պիտի ըսուի թէ «Այս մարդը ու այն մարդը հոն ծնաւ» Եւ Բարձրեալը ի՛նք պիտի հաստատէ զանիկա։
6 Տէրը ազգերը գրած ժամանակը պիտի ըսէ. «Ասիկա հոն ծնաւ»։ (Սէլա։)
7 Ու երգողները նոյնպէս ալ սրնգահարները պիտի ըսեն. «Իմ բոլոր աղբիւրներս քու մէջդ են»։