ՍԱՂՄՈՍ 99

Տէրը կը թագաւորէ, ժողովուրդները թո՛ղ սարսափին։ Ինք քերովբէներուն վրայ կը նստի, երկիրը թո՛ղ շարժի։
2 Տէրը մեծ է Սիօնի մէջ Ու բարձրացած է բոլոր ժողովուրդներուն վրայ։
3 Թող գովեն քու մեծ ու ահաւոր անունդ։ Անիկա սուրբ է։
4 Թագաւորին զօրութիւնը իրաւունքը կը սիրէ՝ ՝։ Ուղղութիւն հաստատեցիր, Իրաւունք ու արդարութիւն ըրիր Յակոբին մէջ։
5 Բարձրացուցէք Տէրը, մեր Աստուածը Ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր ոտքերուն պատուանդանին։ Անիկա սուրբ է։
6 Մովսէսն ու Ահարոնը անոր քահանաներուն մէջ Եւ Սամուէլն անոր անունը կանչողներուն մէջ Տէրոջը կ’աղաղակէին։ Անիկա պատասխան կու տար անոնց։
7 Ամպի սիւնին մէջէն կը խօսէր անոնց հետ։ Անոնք կը պահէին անոր վկայութիւնները Ու այն հրամանը, որ իրենց տուաւ։
8 Ո՛վ Տէր, մեր Աստուածը, դուն կը լսէիր անոնց.