ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 93
Տէրը կը թագաւորէ։ Մեծածափառութիւն հագած է։ Տէրը զօրութիւն հագած ու գօտեւորուած է։ Աշխարհն ալ հաստատուած է, որպէս զի չսասանի։
2 Քու աթոռդ հինէն հաստատ է. Յաւիտենական ես դուն։
3 Ո՛վ Տէր, գետերը բարձրացուցին, Գետերը բարձրացուցին իրենց ձայնը. Գետերը կը բարձրացնեն իրենց շառաչիւնը։
4 Շատ ջուրերու ձայնէն ու ծովու զօրաւոր ալիքներէն Աւելի զօրաւոր է Տէրը բարձրութեան մէջ։
5 Քու վկայութիւններդ շատ վստահելի են։ Ո՛վ Տէր, սրբութիւնը քու տանդ կը վայլէ յաւիտեան։