ՍԱՂՄՈՍ 149

Ալէլուիա՜։ Տէրոջը նոր երգ երգեցէք Ու անոր օրհնութիւնը՝ սուրբերուն ժողովին մէջ։
2 Իսրայէլ թող ուրախանայ իր Ստեղծողին վրայ. Սիօնի որդիները թող ցնծան իրենց Թագաւորին վրայ։
3 Թող անոր անունը պարով օրհնեն, Թմբուկով եւ քնարով սաղմոս թող ըսեն անոր։
4 Վասն զի Տէրը իր ժողովուրդը կը հաւնի, Խոնարհները փրկութիւնով պիտի փառաւորէ։
5 Թող սուրբերը ուրախանան փառքով Ու իրենց անկողիններուն մէջ ցնծան։
6 Աստուծոյ գովութիւնները անոնց բերնին մէջ թող ըլլան Ու երկսայրի սուր՝ անոնց ձեռքին մէջ,
7 Որպէս զի հեթանոսներէն վրէժ առնեն Ու ժողովուրդները պատժեն,
8 Որպէս զի անոնց թագաւորները շղթաներով կապեն Ու անոնց ազնուականները՝ երկաթէ կապանքներով,
9 Որպէս զի գրուած դատաստանը անոնց վրայ կատարեն։ Այս անոր բոլոր սուրբերուն փառքն է։ Ալէլուիա՜։