ՍԱՂՄՈՍ 94

Ո՛վ Տէր, վրէժխնդրութեա՛ն Աստուած, Ո՛վ վրէժխնդրութեան Աստուած, յայտնուէ՛։
2 Ելի՛ր, ո՛վ երկրի Դատաւոր, Ամբարտաւաններուն հատուցում ըրէ՛։
3 Ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ ամբարիշտները, Մինչեւ ե՞րբ ամբարիշտները պարծենան.
4 Գոռոզութեամբ բարբառելով խօսին Ու բոլոր անօրէնութիւն գործողները պարծենան։
5 Ո՛վ Տէր, անոնք քու ժողովուրդդ կը հարստահարեն Ու քու ժառանգութիւնդ կը չարչարեն,
6 Որբեւարին ու պանդուխտը կսպաննեն Եւ որբերը կը մեռցնեն
7 Ու կ’ըսեն. «Տէրը չի տեսներ Եւ Յակոբին Աստուածը չ’իմանար»։
8 Իմացէ՛ք, ո՛վ անմիտներ Ու դո՛ւք, ո՛վ յիմարներ, ե՞րբ միտք պիտի առնէք։
9 Միթէ ականջը տնկողը չի՞ լսեր, Կամ թէ աչքը ստեղծողը չի՞ տեսներ։
10 Միթէ ազգերը խրատողը չի՞ յանդիմաներ. Միթէ մարդուն գիտութիւն սորվեցնողը չի՞ գիտեր։
11 Տէրը մարդոց խորհուրդները գիտէ, Որոնք ունայնութիւն են։
12 Երանի՜ այն մարդուն, որը դուն կը խրատես, ո՛վ Տէր Եւ քու օրէնքդ անոր կը սորվեցնես,
13 Որպէս զի չարութեան օրերուն մէջ զանիկա հանգչեցնես, Մինչեւ որ ամբարշտին համար հոր փորուի։
14 Վասն զի Տէրը իր ժողովուրդը երեսէ պիտի չձգէ Ու իր ժառանգութիւնը պիտի չլքէ։
15 Հապա իրաւունքը արդարութեան պիտի դառնայ Ու բոլոր սրտով ուղիղները անոր ետեւէն պիտի երթան։
16 Ո՞վ ինծի համար չարերուն դէմ պիտի ելլէ, Ո՞վ ինծի համար անօրէնութիւն գործողներուն դէմ պիտի կանգնի։
17 Եթէ Տէրը ինծի օգնական չըլլար, Քիչ պիտի մնար, որ իմ անձս լռութեան տեղը բնակէր։
18 Երբ կ’ըսէի. «Իմ ոտքս կը սասանի», Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ զիս կը հաստատէր.
19 Իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը՝ Քու մխիթարութիւններդ իմ անձս կ’ուրախացնէին։
20 Միթէ քեզի հետ հաղորդակցութիւն ունի՞ անօրէնութեան աթոռը, Որ օրէնքին դէմ՝ ՝ չարիք կը պատրաստէ։
21 Արդարին անձին դէմ կը հաւաքուին Ու անմեղ արիւնը կը դատապարտեն։
22 Բայց Տէրը իմ ամրութիւնս է Ու իմ Աստուածս՝ իմ ապաւինութեանս վէմը։
23 Անոնց անօրէնութիւնը իրենց վրայ պիտի դարձնէ Ու զանոնք իրենց չարութիւնովը պիտի ջնջէ։ Մեր Տէր Աստուածը պիտի ջնջէ զանոնք։