ՍԱՂՄՈՍ 58

Իրաւցընէ անբարբառ արդարութի՞ւն կը խօսիք, Ուղղութիւնով դատաստա՞ն կը տեսնէք, ո՛վ մարդոց որդիներ։
2 Արդարեւ սրտով անօրէնութիւններ կը գործէք, Երկրի վրայ ձեռքերով բռնութիւն կը բանեցնէք։
3 Ամբարիշտները իրենց մօրը արգանդէն խոտորեցան, Որովայնէն մոլորեցան եւ սուտ խօսեցան։
4 Անոնց թոյնը օձի թոյնի պէս է, Խուլ իժի պէս, որ կը գոցէ իր ականջները,
5 Որ չի լսեր թովիչներուն ձայնը, Թէեւ վարպետութեամբ կը հմայեն։
6 Ո՛վ Աստուած, անոնց ակռաները իրենց բերաններուն մէջ փշրէ։ Ո՛վ Տէր, առիւծի կորիւններուն ժանիքները կոտրտէ։
7 Թող անոնք հալին ջուրերու պէս, որ կը հոսին. Երբ իրենց աղեղները լարեն, թող կոտրտին։
8 Խխունջի պէս՝ որ քալած ատենը կը հալի, Կնոջ մը վիժած զաւակին պէս արեւը չտեսնեն։
9 Ձեր կաթսաներուն՝ փուշերուն կրակը զգալէն առաջ, Թէ՛ թարմ եւ թէ՛ այրուող փուշերը փոթորիկով պիտի ցրուէ։
10 Արդարը պիտի ուրախանայ, երբ վրէժխնդրութիւնը տեսնէ. Իր ոտքերը ամբարշտին արիւնին մէջ պիտի լուայ։
11 Ու մարդը պիտի ըսէ. «Իրաւցընէ արդարին համար վարձք կայ. Իրաւցընէ Աստուած կայ, որ երկրի վրայ դատաւոր է»։