ՍԱՂՄՈՍ 16

Ո՛վ Աստուած, զիս պահէ՛, Վասն զի քեզի յուսացի։
2 Տէրոջը ըսի. «Իմ Տէրս դուն ես, Առանց քեզի բարիք մը չունիմ»։
3 Երկրի մէջ եղող սուրբերուն ու պատուականներուն վրայ է իմ բոլոր հաճութիւնս։
4 Անոնց ցաւերը պիտի շատնան, որոնք ուրիշ աստուած մը կը նախընտրեն. Անոնց արիւնի նուէրները պիտի չնուիրեմ Ու անոնց անունները շրթունքներուս վրայ պիտի չառնեմ։
5 Տէրն է իմ ժառանգութեանս ու բաժակիս բաժինը. Իմ վիճակս դուն պիտի պահես։
6 Վիճակներ ելան ինծի զուարճալի տեղերու մէջ. Իրաւ իմ ժառանգութիւնս ինծի գեղեցիկ եղաւ։
7 Պիտի օրհնեմ Տէրը որ զիս խրատեց. Նաեւ իմ երիկամունքներս գիշերուան մէջ ինծի կը սորվեցնեն։
8 Ամէն ատեն Տէրը իմ առջեւս դրի. Որովհետեւ իմ աջ կողմս է, պիտի չսասանիմ։
9 Ասոր համար սիրտս ուրախ եղաւ ու փառքս բերկրեցաւ Ու մարմինս ալ յոյսով պիտի հանգստանայ։
10 Վասն զի իմ անձս գերեզմանին մէջ պիտի չթողուս Ու քու սուրբիդ ալ ապականութիւն տեսնել պիտի չտաս։
11 Կենաց ճամբան ինծի պիտի ցուցնես. Երեսիդ առջեւ լեցուն ուրախութիւն կայ, Քու աջ կողմդ միշտ հաճութիւններ կան։