ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 67
Աստուած թող ողորմի մեզի ու օրհնէ մեզ, Երեսը թող փայլեցնէ մեր վրայ, (Սէլա,)
2 Որպէս զի երկրի վրայ քու ճամբադ ճանչցուի Ու բոլոր ազգերուն մէջ՝ քու փրկութիւնդ։
3 Թող ժողովուրդները քեզ գովեն, ո՛վ Աստուած, Բոլոր ժողովուրդները թող քեզ գովեն։
4 Ազգերը թող ուրախանան ու ցնծան, Վասն զի ժողովուրդները ուղղութիւնով պիտի դատես Ու երկրի ազգերը դո՛ւն պիտի առաջնորդես։ (Սէլա։)
5 Թող ժողովուրդները քեզ գովեն, ո՛վ Աստուած, Բոլոր ժողովուրդները թող քեզ գովեն։
6 Երկիր իր պտուղը պիտի տայ. Ու Աստուած, մեր Աստուածը, մեզ պիտի օրհնէ։
7 Աստուած մեզ պիտի օրհնէ Ու երկրին բոլոր ծայրերը անկէ պիտի վախնան։