ՍԱՂՄՈՍ 102

Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղօթքս Ու իմ աղաղակս թող քեզի հասնի։
2 Քու երեսդ մի՛ ծածկեր ինծմէ իմ նեղութեանս օրը, Խոնարհեցո՛ւր ինծի քու ականջդ, Շուտով պատասխան տուր ինծի այն օրը որ քեզի կը կանչեմ։
3 Վասն զի իմ օրերս մուխի պէս անհետացան Եւ իմ ոսկորներս խռիւի պէս այրեցան։
4 Սիրտս զարնուեցաւ ու խոտի պէս չորցաւ, Այնպէս որ իմ հացս ուտել մոռցայ։
5 Հառաչանքիս ձայնէն Ոսկորներս մարմնիս փական։
6 Անապատին մէջի հաւալուսին նմանեցայ, Աւերակներուն բուին պէս եղայ։
7 Անքուն մնացի ու նման եղայ Տանիքին վրայ մինակ եղող ճնճղուկին։
8 Ամէն օր իմ թշնամիներս զիս կը նախատեն, Իմ վրաս սաստիկ բարկացողները ինծի դէմ երդում կ’ընեն։
9 Վասն զի մոխիրը հացի պէս կերայ Ու խմելիքս արցունքով խառնեցի՝
10 Քու բարկութեանդ ու սրտմտութեանդ համար՝ Վասն զի զիս վերցուցիր ու նետեցիր։
11 Իմ օրերս երկնցած ստուերի պէս եղան Ու ես խոտի պէս չորցայ։
12 Բայց դուն, ո՛վ Տէր, յաւիտեան կը կենաս Եւ քու յիշատակդ՝ ազգէ մինչեւ ազգ։
13 Դուն պիտի ելլես ու Սիօնին ողորմիս. Վասն զի ժամանակն է անոր ողորմելու, Քանզի որոշուած ժամանակը հասաւ։
14 Քու ծառաներդ անոր քարերուն կը հաւնին Ու անոր հողին կը գթան։
15 Հեթանոսները պիտի վախնան Տէրոջը անունէն Ու երկրի բոլոր թագաւորները քու փառքէդ։
16 Տէրը պիտի շինէ Սիօնը, Իր փառքովը պիտի երեւնայ։
17 Տնանկներուն աղօթքին մտիկ պիտի ընէ Ու անոնց աղօթքը պիտի չանարգէ։
18 Այս պիտի գրուի գալու ազգին համար։ Դեռ չծնած ժողովուրդը Տէրոջը գոհութիւն պիտի տայ։
19 Վասն զի իր սրբութեանը բարձրութենէն նայեցաւ։ Տէրը երկնքէն երկրի վրայ նայեցաւ,
20 Որպէս զի կապուածին հառաչանքը լսէ Ու մահուան դատապարտուածները արձակէ։
21 Որպէս զի Սիօնի մէջ Տէրոջը անունը պատմեն Ու անոր գովութիւնը՝ Երուսաղէմի մէջ,
22 Երբ ժողովուրդները ու թագաւորութիւնները Մէկտեղ հաւաքուին՝ Տէրոջը ծառայելու համար։
23 Անիկա զօրութիւնս տկարացուց ճամբուն մէջ Ու իմ օրերս կարճըցուց։
24 Ես ըսի. «Ո՛վ իմ Աստուածս, Իմ օրերուս կիսուն մէջ զիս մի՛ վերցներ։ Քու տարիներդ ազգէ մինչեւ ազգ են։
25 Սկիզբէն երկրի հիմերը դրիր Ու երկինքը քու ձեռքերուդ գործն է։
26 Անոնք պիտի կորսուին, բայց դուն պիտի կենաս։ Անոնց ամէնքը լաթի պէս պիտի մաշին, Հանդերձի պէս պիտի փոխես զանոնք Ու պիտի փոխուին։
27 Բայց դուն նոյնն ես Եւ քու տարիներդ պիտի չվերջանան։
28 Քու ծառաներուդ որդիները ապահով պիտի բնակին Ու անոնց սերունդը հաստատ պիտի մնայ քու առջեւդ»։