ՍԱՂՄՈՍ 122

Կ’ուրախանայի երբ ինծի կ’ըսէին. «Տէրոջը տունը երթանք»։
2 Մեր ոտքերը քու դռներուդ մէջ կայնեցան, Ո՛վ Երուսաղէմ։
3 Երուսաղէմ այնպիսի քաղաքի մը պէս շինուած է, Որ ինքնիրեն ամրօրէն միացած է։
4 Ցեղերը, Տէրոջը ցեղերը հոն կ’ելնեն Իսրայէլի պատուիրածին պէս. Տէրոջը անուանը գոհութիւն մատուցանելու համար։
5 Վասն զի հոն դրուած են դատաստանի աթոռները, Դաւիթի տանը աթոռները։
6 Երուսաղէմին համար խաղաղութիւն խնդրեցէք։ Թո՛ղ յաջողին անոնք, որ քեզ կը սիրեն։
7 Խաղաղութիւն թո՛ղ ըլլայ քու պարիսպներուդ մէջ Ու յաջողութիւն՝ քու պալատներուդ մէջ։
8 Իմ եղբայրներուս ու ընկերներուս համար Հիմա պիտի ըսեմ. «Խաղաղութիւն ըլլայ քու մէջդ»։
9 Մեր Տէր Աստուծոյն տանը համար Քեզի բարութիւն պիտի ուզեմ։