ՍԱՂՄՈՍ 27

Տէրը իմ լոյսս ու փրկութիւնս է, Ես որմէ՞ պիտի վախնամ։ Տէրը իմ կեանքիս ապաւէնն է, Ես որմէ՞ պիտի դողամ։
2 Չարերուն իմ մարմինս ուտելու համար ինծի մօտեցած ատենը՝ Իմ նեղիչներս ու թշնամիներս սահեցան ու ինկան։
3 Եթէ վրաս զօրքի բանակ ելլէ, Սիրտս պիտի չվախնայ։ Եթէ ինծի դէմ պատերազմի պատրաստութիւն ըլլայ, Դարձեալ ես վստահ պիտի ըլլամ։
4 Բան մը կը խնդրեմ Տէրոջմէն Ու ասիկա կ’աղաչեմ, Որ կեանքիս բոլոր օրերը Տէրոջը տանը մէջ բնակիմ՝ Տէրոջը վայելչութիւնը տեսնելու Ու անոր տաճարին մէջ զինք խնդրելու համար։
5 Վասն զի չար օրուան մէջ՝ Իր բնակարանին մէջ զիս պիտի պահէ, Իր վրանին ծածկոցովը զիս պիտի ծածկէ, Վէմի վրայ պիտի վերցնէ զիս։
6 Ու հիմա իմ գլուխս պիտի բարձրանայ Իմ բոլորտիքս եղող թշնամիներուս վրայ։ Ու անոր վրանին մէջ ուրախութեան ձայնով զոհեր պիտի մատուցանեմ, Պիտի երգեմ ու սաղմոս պիտի ըսեմ Տէրոջը։
7 Ո՛վ Տէր, ձայնս լսէ՛ կանչելու ատենս Ու ողորմէ՛ եւ պատասխան տուր ինծի։
8 «Իմ երեսս փնտռեցէք», ըսիր Իմ սիրտս ալ քեզի ըսաւ. «Քու երեսդ պիտի փնտռեմ, ո՛վ Տէր»։
9 Քու երեսդ ինծմէ մի՛ ծածկեր, Բարկութիւնովդ ծառադ մէկդի մի՛ ձգեր. Ինծի օգնական եղար, զիս մի՛ մերժեր Զիս մի՛ թողուր, ո՛վ իմ փրկութեանս Աստուածը։
10 Թէեւ հայրս ու մայրս զիս թողուն, Բայց Տէրը զիս պիտի ընդունի։
11 Ո՛վ Տէր, քու ճամբադ ինծի սորվեցուր Ու շիտակ ճամբուն մէջ ինծի առաջնորդէ՝ թշնամիներուս համար։
12 Զիս իմ թշնամիներուս կամքին մի՛ մատներ, Վասն զի իմ վրաս սուտ վկաներ Ու անիրաւութիւն փչողներ ելան։
13 Հաւատացի թէ Տէրոջը բարութիւնը պիտի տեսնեմ Կենդանիներուն երկրին մէջ։
14 Տէրոջը սպասէ՛։ Զօրացի՛ր ու սիրտդ թող զօրանայ։ Դարձեա՛լ Տէրոջը սպասէ։