ՍԱՂՄՈՍ 113

Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք, ո՛վ Տէրոջը ծառաներ, Օրհնեցէ՛ք Տէրոջը անունը,
2 Օրհնեալ ըլլայ Տէրոջը անունը Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։
3 Արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք Օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրոջը անունը։
4 Տէրը բարձր է բոլոր ազգերուն վրայ. Անոր փառքը երկնքէն վեր է։
5 Մեր Տէր Աստուծոյն պէս ո՞վ կայ, Որ բարձրութեան մէջ կը բնակի.
6 Որ երկնքի ու երկրի մէջ եղած բաները Տեսնելու համար կը խոնարհի,
7 Որ աղքատը փոշիէն վեր կը վերցնէ Ու տնանկը աղբանոցէն կը բարձրացնէ,
8 Որպէս զի զանոնք նստեցնէ իշխաններուն հետ՝ Իր ժողովուրդին իշխաններուն հետ,
9 Որ ամուլ կինը տունը կը բնակեցնէ Ու որդիներու ուրախ մայրը կ’ընէ։ Ալէլուիա՜։