ՍԱՂՄՈՍ 44

Ո՛վ Աստուած, մեր ականջներովը լսեցինք, Հայրերնիս մեզի պատմեցին Այն գործը, որ իրենց օրերուն մէջ գործեցիր՝ Հին ժամանակը։
2 Դուն քո ձեռքովդ հեթանոսները քշեցիր Ու զանոնք տնկեցիր։ Չարչարեցիր ժողովուրդները Ու տարածեցիր զանոնք։
3 Քանզի ո՛չ թէ իրենց սրովը ժառանգեցին երկիրը Ու ո՛չ թէ իրենց բազուկը զիրենք փրկեց, Այլ քու աջ ձեռքդ ու քու բազուկդ եւ քու երեսիդ լոյսը՝ Վասն զի անոնց հաճեցար։
4 Դուն ինքդ ես իմ Թագաւորս, ո՛վ Աստուած. Դուն Յակոբին փրկութիւններ ապահովեցիր։
5 Քեզմով մեր թշնամիները գետինը պիտի զարնենք. Մեր վրայ ելնողները քու անունովդ ոտքի տակ պիտի առնենք։
6 Վասն զի աղեղիս չեմ յուսար Ու թուրս զիս չի կրնար ազատել.
7 Հապա դուն մեզ կը փրկես մեր թշնամիներէն Ու մեզ ատողները ամօթով կ’ընես։
8 Ամէն օր Աստուծմով կը պարծենանք Ու յաւիտեան քու անունդ պիտի գովենք։ (Սէլա։)
9 Սակայն մեզ մերժեցիր ու խայտառակ ըրիր Ու մեր զօրքերուն հետ չելար։
10 Թշնամիէն մեզ ետ դարձուցիր Ու մեզ ատողները մեզ կողոպտեցին։
11 Մեզ ոչխարի պէս ուտուելու տուիր Ու հեթանոսներուն մէջ մեզ ցրուեցիր։
12 Քու ժողովուրդդ ոչինչ գնով ծախեցիր, Առանց մեծ գին պահանջելու։
13 Մեր դրացիներուն առջեւ մեզ խայտառակ ըրիր, Մեր բոլորտիքը եղողներուն՝ ծաղր ու ծանակ։
14 Մեզ հեթանոսներուն մէջ ծաղրանքի առարկայ ըրիր Ու ժողովուրդներուն մէջ գլուխ երերցնելու պատճառ։
15 Ամէն օր իմ նախատինքս առջեւս է Ու երեսիս ամօթը զիս կը ծածկէ՝
16 Նախատողին ու հայհոյողին ձայնէն՝ Թշնամիին ու վրէժխնդրին երեսէն։
17 Այս ամէնը մեր վրայ եկաւ, Սակայն մենք քեզ չմոռցանք եւ Քու ուխտդ սուտ չհանեցինք։
18 Մեր սրտերը ետ չդարձան, Մեր քալուածքները քու ճամբայէդ դուրս չելան.
19 Թէպէտ չագալներուն եղած տեղը մեզ ճզմեցիր Ու մահուան ստուերովը մեզ ծածկեցիր։
20 Եթէ մեր Աստուծոյն անունը մոռցեր ենք, Կամ օտար աստուծոյ ձեռքերնիս երկնցուցեր ենք,
21 Միթէ Աստուած այս բանը պիտի չփնտռէ՞, Քանի որ ինք սրտին գաղտնիքները գիտէ,
22 Բայց ամէն օր քեզի համար կ’սպաննուինք, Մորթուելու ոչխարի պէս կը սեպուինք։
23 Արթնցի՛ր, ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ կը քնանաս. Ելի՛ր, մի՛ մերժեր մեզ յաւիտեան։
24 Ինչո՞ւ երեսդ կը ծածկես, Մեր տրտմութիւնը ու տառապանքը կը մոռնաս։
25 Վասն զի մեր անձը մինչեւ հողը ծռեցաւ, Մեր փորը գետինը փակաւ։
26 Ելի՛ր, օգնէ՛ մեզի Ու ազատէ՛ մեզ քու անուանդ համար։