ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 129
Հիմա Իսրայէլ թող ըսէ. «Իմ մանկութենէս ի վեր շատ անգամ զիս նեղեցին։
2 Իմ մանկութենէս ի վեր շատ անգամ զիս նեղեցին, Բայց ինծի չյաղթեցին։
3 Հերկողները իմ կռնակիս վրայ հերկեցին Ու իրենց ակօսները երկնցուցին»։
4 Տէրը արդար է. Անիկա ամբարիշտներուն չուանները կտրտեց։
5 Բոլոր Սիօնը ատողները Պիտի ամչնան ու ետ դառնան.
6 Տանիքին վրայի խոտին պէս պիտի ըլլան, Որ դեռ չփրցուած կը չորնայ։
7 Հնձողը չի կրնար իր ձեռքը լեցնել անով, Ոչ ալ խուրձ կապողը՝ իր գոգը։
8 Անցնողները չեն ըսեր. «Տէրոջը օրհնութիւնը ձեր վրայ ըլլայ Ու ձեզ Տէրոջը անունովը կ’օրհնենք»։