ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 49
Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ բոլոր ազգեր, Ակա՛նջ դրէք, աշխարհի բոլոր բնակիչներ,
2 Ռամիկներ ու ազնուականներ, Հարուստներ ու աղքատներ մէկտեղ։
3 Բերանս իմաստութիւն պիտի խօսի Ու սրտիս խորհուրդները՝ հանճար։
4 Իմ ականջս առակի պիտի ծռեմ, Հանելուկս քնարով պիտի լուծեմ։
5 Ինչո՞ւ վախնամ չար օրերու մէջ Երբ դարանակալներու անօրէնութիւնը չորս կողմս կը պատէ։
6 Իրենց զօրութեանը յուսացողներէն Ու իրենց հարստութեանը շատութիւնովը հպարտացողներէն
7 Մէկը բնաւ չի կրնար փրկել իր եղբայրը, Ո՛չ ալ անոր փրկանքը Աստուծոյ հատուցանել,
8 (Քանզի սուղ է անոնց անձին փրկութեան գինը, Երբեք կարելի չէ գոհացնել։)
9 Որպէս զի ապրի յաւիտեան Ու ապականութիւն չտեսնէ։
10 Վասն զի կը տեսնէ թէ իմաստունները կը մեռնին, Յիմարը ու անխելքը մէկտեղ կը կորսուին Ու իրենց ստացուածքները ուրիշներուն կը թողուն։
11 Անոնք կը կարծեն թէ իրենց տուները յաւիտեան պիտի մնան Ու իրենց բնակարանները՝ ազգէ մինչեւ ազգ. Երկիրները իրենց անուններովը կը կոչեն։
12 Բայց մարդը պատուոյ մէջ չի մնար, Անասուններուն նման է, որոնք կը կորսուին։
13 Անոնց այս ճամբան իրենց յիմարութիւն է, Սակայն անոնց ետեւէն եկողները անոնց խօսքէն պիտի հաճոյանան։ (Սէլա։)
14 Անոնք ոչխարներու պէս գերեզմանը պիտի դրուին։ Մահը անոնց հովիւը պիտի ըլլայ։ Ուղիղը զանոնք գերեզմանը պիտի իջեցնէ. Առտուն անոնց կերպարանքը պիտի կորսուի. Գերեզմանը անոնց բնակարան պիտի ըլլայ։
15 Սակայն Աստուած գերեզմանին իշխանութենէն պիտի փրկէ իմ անձս, Վասն զի զիս պիտի ընդունի։ (Սէլա։)
16 Մի՛ վախնար, երբ մարդ մը հարստանայ Ու անոր տանը փառքը շատնայ.
17 Վասն զի մեռնելու ատենը ամենեւին բան մը իրեն հետ պիտի չտանի Ու իր փառքը իր ետեւէն պիտի չիջնէ։
18 Թէպէտեւ իր կենդանութեան զինք երջանիկ կը կարծէր։ (Ու մարդ կը գովուի, երբ իր անձին աղէկութիւն կ’ընէ։)
19 Սակայն իր նախահայրերուն պիտի երթայ Ու ալ երբեք լոյս պիտի չտեսնեն։
20 Մարդը, որ պատուոյ մէջ եղած ատեն իմաստուն չեղաւ՝ Անասուններու կը նմանի, որոնք կը կորսուին։