ՍԱՂՄՈՍ 74

Ո՛վ Աստուած, ինչո՞ւ մեզ բոլորովին մերժեցիր Ու բարկութիւնդ կը մխայ քու արօտիդ ոչխարներուն վրայ։
2 Յիշէ՛ քու ժողովուրդդ որ սկիզբէն ստացար, Քու ժառանգութեանդ վիճակը որ փրկեցիր Ու Սիօն լեռը, ուր բնակեցար։
3 Բարձրացուր քու քայլերդ դէպի բոլորովին աւերուածները, Դէպի սուրբ տեղը թշնամիին ըրած բոլոր գէշ գործերը։
4 Քու թշնամիներդ կը պոռան քու տաճարիդ մէջ։ Իրենց նշանները նշանի տեղ կը դնեն։
5 Անիկա անտառի ծառերուն վրայ Կացիններ վերցնողի մը պէս ճանչցուեցաւ
6 Ու հիմա անոր քանդակած զարդերը, Ամէնքը մէկէն, կացիններով ու մուրճերով կը կոտրտեն։
7 Կրակով այրեցին քու սրբարանդ։ Մինչեւ գետինը կործանեցին քու անուանդ բնակարանը։
8 Իրենց սրտերուն մէջ ըսին. «Կորսնցնենք ասոնք ամէնքը»։ Երկրին մէջ Աստուծոյ բոլոր ժողովարանները այրեցին։
9 Մեր նշանները չենք տեսներ։ Ալ մարգարէ չկայ։ Մեր քով մէկը չկայ, Որ գիտնայ թէ ասիկա մինչեւ ե՞րբ պիտի տեւէ։
10 Ո՛վ Աստուած, մինչեւ ե՞րբ նեղիչը պիտի նախատէ։ Թշնամին մինչեւ յաւիտեան քու անունդ պիտի անարգէ՞։
11 Ինչո՞ւ ետ կը քաշես քու ձեռքդ ու քու աջ ձեռքդ։ Զանիկա ծոցէդ հանէ ու կորսնցուր զանոնք։
12 Բայց սկիզբէն իմ թագաւորս Աստուած է, Որ փրկութիւն կ’ընէ երկրի մէջ։
13 Դուն քու զօրութիւնովդ ծովը պատռեցիր, Վիշապներուն գլուխները ջուրերուն մէջ փշրեցիր։
14 Դուն ջարդեցիր Լեւիաթանին գլուխները. Զանիկա կերակուր ըլլալու տուիր անապատին մէջի ժողովուրդին։
15 Դուն ճեղքեցիր աղբիւրը ու վտակը, Դուն չորցուցիր մշտնջենաւոր գետերը։
16 Քուկդ է ցորեկը եւ քուկդ է գիշերը։ Լոյսը ու արեւը դուն պատրաստեցիր։
17 Դուն հաստատեցիր երկրին սահմանները։ Ամառը ու ձմեռը դուն ստեղծեցիր։
18 Յիշէ թէ թշնամին նախատեց Տէրը Ու յիմար ժողովուրդը քու անունդ անարգեց։
19 Գազանին մի՛ մատներ քու տատրակիդ անձը. Մի՛ մոռնար յաւիտեան քու աղքատներուդ կեանքը։
20 Նայէ՛ քու ուխտիդ, վասն զի երկրին խաւար տեղերը Բռնութեան բնակարաններով լեցուած են։
21 Թո՛ղ խեղճը ետ չդառնայ ամօթով. Թո՛ղ աղքատը ու տնանկը օրհնե՛ն քու անունդ։
22 Ելի՛ր, ո՛վ Աստուած, քու դատդ պաշտպանէ. Յիշէ՛ այն նախատինքը՝ որ անզգամը ամէն օր քեզի կ’ընէ։
23 Մի՛ մոռնար քու թշնամիներուդ ձայնը. Քեզի դէմ ոտքի ելնողներուն խռովութիւնը ամէն ժամանակ կը բարձրանայ։