ՍԱՂՄՈՍ 14

Անզգամը իր սրտին մէջ ըսաւ թէ՝ «Աստուած չկայ»։ Ապականեցան ու պիղծ գործեր ըրին. Մէկը չկայ որ աղէկութիւն ընէ։
2 Տէրը երկնքէն նայեցաւ մարդոց որդիներուն, Որպէս զի տեսնէ թէ կա՞յ արդեօք իմաստուն մէկը, Որ Աստուած փնտռէ։
3 Ամէնքը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան. Աղէկութիւն ընող մը չկայ, հատ մըն ալ չկայ։
4 Միթէ չե՞ն ճանչնար բոլոր անօրէնութիւն ընողները, Որոնք հաց ուտելու պէս իմ ժողովուրդս կ’ուտեն Ու Տէրոջը չեն կանչեր.
5 Այն ատեն շատ վախցան. Քանզի Աստուած արդարներուն ազգին մէջ է։
6 Աղքատին խորհուրդը շփոթեցուցիք, Սակայն անոր յոյսը Տէրն է։
7 Երանի՜ թէ Սիօնէն գար Իսրայէլին փրկութիւնը. Տէրը իր ժողովուրդը գերութենէն դարձուցած ատենը՝ Յակոբ պիտի ցնծայ ու Իսրայէլ ուրախ պիտի ըլլայ։