ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 40
Սպասելով սպասեցի Տէրոջը, Որ ծռեցաւ ինծի ու լսեց իմ աղաղակս
2 Եւ զիս կորստեան փոսէն, տղմալից կաւէն հանեց Ու ոտքերս վէմի վրայ ամրացուց ու քալուածքս հաստատեց
3 Ու բերանս դրաւ նոր երգ մը, Մեր Աստուծոյ գովութիւնը։ Շատերը պիտի տեսնեն ու պիտի վախնան Ու Տէրոջը պիտի յուսան։
4 Երանի՜ այն մարդուն, որ իր յոյսը Տէրոջը վրայ կը դնէ Ու չի նայիր հպարտներուն ու ստութեան ետեւէ գացողներուն։
5 Շատ են սքանչելիքներդ, որոնք դուն ըրեր ես, Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։ Մեր վրայ ունեցած խորհուրդներդ Մէ՛կը չի կրնար կարգաւ պատմել քու առջեւդ. Պիտի պատմէի ու խօսէի, Բայց համրանքէն աւելի շատ են։
6 Զոհի ու ընծայի չհաւնեցար, Հապա իմ ականջներս բացիր։ Ոզջակէզ ու մեղքի պատարագ չպահանջեցիր։
7 Այն ժամանակ ըսի թէ՝ «Ահա կու գամ ես. Գրքի տոմսի մէջ ինծի համար գրուած է,
8 Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ Ու քու օրէնքդ իմ ներսիդիս է»։
9 Արդարութիւն քարոզեցի շատ ժողովուրդի մէջ։ Ահա շրթունքներս չարգիլեցի, Ո՛վ Տէր, դուն գիտես։
10 Սրտիս մէջ գաղտուկ չպահեցի քու արդարութիւնդ։ Հաւատարմութիւնդ ու փրկութիւնդ պատմեցի։ Քու ողորմութիւնդ ու ճշմարտութիւնդ ժողովուրդէն չծածկեցի։
11 Դուն, ո՛վ Տէր, քու գթութիւնդ մի՛ հեռացներ ինծմէ. Քու ողորմութիւնդ ու ճշմարտութիւնդ ամէն ժամանակ թող պաշտպանեն զիս։
12 Վասն զի անթիւ չարիքներ զիս պատեցին. Անօրէնութիւններս ինծի հասան ու ես չեմ կրնար տեսնել։ Գլխուս մազէն շատ են ու սիրտս զիս թողուց։
13 Ո՛վ Տէր, զիս փրկելու կամք ըրէ. Ո՛վ Տէր, ինծի օգնելու արտորցիր։
14 Թող ամչնան ու մէկտեղ խայտառակ ըլլան Իմ անձս փնտռողները՝ զանիկա կորսնցնելու համար։ Ետ դառնան ու ամօթով ըլլան Ինծի չարութիւն ուզողները։
15 Թող ամչնալով կործանին Անոնք որ ինծի «Վա՛շ, վա՛շ» կ’ըսեն։
16 Ամէն քեզ փնտռող Քեզմով թող ցնծայ եւ ուրախանայ։ Քու փրկութիւնդ սիրողները Ամէն ժամանակ թող ըսեն. «Մեծ է Տէրը»։
17 Թէեւ ես աղքատ ու տնանկ եմ, Սակայն Տէրը հոգ կը տանի ինծի։ Իմ օգնականս ու փրկիչս դո՛ւն ես։ Ո՛վ իմ Աստուածս, մի՛ ուշանար։