ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 17
Ո՛վ Տէր, լսէ՛ արդար դատս, Մտիկ ըրէ իմ աղաղակիս։ Ականջ դիր աղօթքիս, Որ խաբեբայ շրթունքներով չէ։
2 Իմ դատաստանս քու երեսէդ թող ելլէ. Քու աչքերդ ուղղութիւնը թող տեսնեն։
3 Իմ սիրտս փորձեցիր, գիշեր ատեն քննեցիր, Զիս կրակով փորձեցիր ու բան մը չգտար. Միտքս դրի որ բերանս պատուիրանազանց չըլլայ՝ ՝։
4 Մարդոց գործերուն նայելով եւ Քու շրթունքներուդ խօսքերովը ես բռնաւորին ճամբաներէն զգուշացայ։
5 Իմ քայլերս քու ճամբաներուդ մէջ պահէ, Որպէս զի իմ գնացքներս չսասանին։
6 Ես քեզի կանչեցի, վասն զի ինծի պատասխան պիտի տաս, ո՛վ Աստուած։ Խոնարհեցո՛ւր ինծի քու ականջդ, լսէ՛ իմ խօսքս։
7 Սքանչելի կերպով քու ողորմութիւններդ ցուցուր, Դուն որ քեզի յուսացողները աջ ձեռքովդ կ’ազատես Հակառակ կեցողներէն։
8 Աչքի բիբի պէս զիս պահէ՛, Թեւերուդ հովանաւորութեանը տակ զիս ծածկէ՛
9 Ինծի տառապանք տուող ամբարիշտներուն երեսէն։ Իմ անձիս թշնամիները զիս պաշարեցին։
10 Իրենց պարարտութիւնովը ծածկուեցան, Իրենց բերնովը ամբարտաւանութեամբ խօսեցան։
11 Հիմա մեր քայլերուն չորս կողմը պատելով՝ Աչքերնին մեր վրայ տնկեցին գետինը զարնելու համար,
12 Առիւծի պէս, որ կը փափաքի գիշատել, Առիւծի կորիւնի պէս, որ դարանակալ կ’ըլլայ։
13 Ելի՛ր, ո՛վ Տէր, անոր առջեւ ինծի օգնութեան հասիր, Զանիկա գետի՛նը զարկ։ Քու սրովդ փրկէ՛ իմ անձս ամբարիշտներէն,
14 Քու ձեռքովդ՝ մարդոցմէն, ո՛վ Տէր, Աշխարհի մարդոցմէն, որոնց բաժինը այս կեանքին մէջ է Ու անոնց փորերը շտեմարաններէդ կը լեցնես. Անոնց որդիներն ալ՝ ՝ կը կշտանան Ու իրենցմէ աւելցածը իրենց տղոցը կը թողուն։
15 Իսկ ես արդարութեամբ պիտի տեսնեմ քու երեսդ. Երբ արթննամ քու դէմքէդ պիտի կշտանամ։