ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 141
Ո՛վ Տէր, քեզի կը կանչեմ, շուտով հասիր ինծի. Ակա՛նջ դիր իմ ձայնիս, երբ քեզի կը կանչեմ։
2 Թո՛ղ իմ աղօթքս խունկի պէս սեպուի քու առջեւդ Եւ իմ ձեռքերուս վեր վերցուիլը՝ իրիկուան պատարագին պէս։
3 Ո՛վ Տէր, պահապա՛ն դիր իմ բերնիս Ու իմ շրթունքներուս դուռը պահպանէ։
4 Մի՛ թողուր որ սիրտս չար բանի ետեւէ խոտորի, Որպէս զի անօրէնութիւն գործող մարդոց հետ գէշ գործեր չընեմ Ու անոնց համադամ կերակուրներէն չուտեմ։
5 Արդարը թող զիս խրատէ եւ զարնէ ողորմութեամբ, Բայց անօրէնին իւղը թող չօծէ գլուխս, Վասն զի անդադար անոնց չարութիւններուն դէմ պիտի աղօթեմ։
6 Երբ անոնց դատաւորները ապառաժներու մէջ ձգուին, Այն ատեն իմ խօսքերս պիտի լսեն, վասն զի քաղցր են։
7 Ինչպէս հերկողը ու ճեղքողը կը ցրուէ երկրի վրայ, Այնպէս անոնց ոսկորները գերեզմանին բերանը ցիրուցան եղան.
8 Սակայն, ո՛վ Տէր Եհովա, իմ աչքերս դէպի քեզ են. Քեզի՛ յուսացի, իմ հոգիս անպաշտպան մի՛ ձգեր։
9 Ինծի համար լարուած որոգայթէն Ու անօրէնութիւն գործողներուն վարմերէն զիս պահէ։
10 Ամբարիշտները իրենց ցանցերուն մէջ պիտի իյնան, Մինչ միայն ես անվնաս պիտի անցնիմ։