ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 12
Ո՛վ Տէր, փրկէ, վասն զի սուրբ չմնաց. Վասն զի հաւատարիմները մարդոց որդիներուն մէջէն պակսեցան։
2 Ամէն մարդ սուտ կը խօսի իր ընկերին. Շողոքորթող շրթունքներով ու կրկին սրտով կը խօսին։
3 Տէրը պիտի կտրէ բոլոր շողոքորթող շրթունքները Ու մեծախօս լեզուն,
4 Որոնք ըսին թէ՝ «Մեր լեզուներով պիտի յաղթենք, Մեր շրթունքները մերն են։ Մեր վրայ ո՞վ պիտի տիրէ»։
5 «Աղքատներուն զրկանքին ու տնանկներուն հեծութեանը համար Հիմա պիտի ելլեմ, կ’ըսէ Տէրը, Ազատութեան մէջ պիտի դնեմ զանիկա, որուն կը բաղձայ»։
6 Տէրոջը խօսքերը մաքուր խօսքեր են. Հողէ բովքի մէջ զտուած, Եօթը անգամ մաքրուած արծաթի պէս են։
7 Ո՛վ Տէր, դուն պիտի պահես զանոնք Ու պիտի պաշտպանես այս ազգէն մինչեւ յաւիտեան։
8 Ամբարիշտները ամէն կողմ կը պտըտին, Երբ մարդոց որդիներուն մէջ անարգները բարձրանան։