ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 106
Ալէլուիա՜։ Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։
2 Ո՞վ պիտի պատմէ Տէրոջը մեծ գործերը։ Ո՞վ պիտի իմացնէ անոր ամէն գովութիւնը։
3 Երանի՜ անոնց, որ իրաւունքը կը պահեն Ու ամէն ժամանակ արդարութիւն կ’ընեն։
4 Յիշէ՛ զիս, ո՛վ Տէր, քու ժողովուրդիդ վրայ ունեցած հաճութեանդ համեմատ, Ինծի այցելութիւն ըրէ քու փրկութիւնովդ,
5 Որպէս զի քու ընտրեալներուդ բարութիւնը տեսնեմ, Քու ազգիդ ուրախութիւնովը ուրախանամ, Քու ժառանգութիւնովդ պարծենամ։
6 Մենք մեր հայրերուն հետ մեղանչեցինք, Անօրէնութիւն ըրինք, ամբարշտութիւն գործեցինք։
7 Մեր հայրերը Եգիպտոսի մէջ չիմացան քու հրաշքներդ, Չյիշեցին քու ողորմութեանդ շատութիւնը, Հապա ապստամբեցան ծովուն քով, Կարմիր ծովուն քով։
8 Բայց զանոնք իր անուանը համար փրկեց, Որպէս զի իր մեծ զօրութիւնը ճանչցնէ։
9 Եւ Կարմիր ծովուն հրամայեց ու ցամքեցաւ Ու անդունդներուն մէջէն քալել տուաւ անոնց, իբր թէ անապատին մէջէն
10 Զանոնք փրկեց ատողին ձեռքէն Ու ազատեց զանոնք թշնամիին ձեռքէն։
11 Ջուրերը անոնց թշնամիները ծածկեցին, Անոնցմէ ո՛չ մէկը մնաց։
12 Այն ատեն հաւատացին անոր խօսքին Եւ օրհնութիւն երգեցին անոր։
13 Շուտով մոռցան անոր գործերը Ու անոր խրատին չսպասեցին։
14 Անապատին մէջ խիստ ցանկացին Ու Աստուած փորձեցին անջուր տեղին մէջ։
15 Եւ անոնց տուաւ անոնց ուզածը Թէպէտեւ վատուժութիւն ղրկեց անոնց անձերուն վրայ։
16 Երբ Մովսէսին նախանձեցան բանակին մէջ Ու Տէրոջը սուրբին՝ Ահարոնին,
17 Երկիրը բացուեցաւ ու կլլեց Դաթանը Ու Աբիրոնի ժողովը ծածկեց։
18 Կրակը բորբոքեցաւ անոնց ժողովին մէջ, Բոցը այրեց ամբարիշտները։
19 Հորթ շինեցին Քորեբի մէջ Ու երկրպագութիւն ըրին ձուլածոյ պատկերին։
20 Իրենց Փառքը Խոտակեր արջառի նմանութեանը փոխեցին։
21 Մոռցան իրենց փրկիչ Աստուածը, Որ մեծամեծ գործեր ըրաւ Եգիպտոսի մէջ
22 Ու հրաշքներ՝ Քամի երկրին մէջ Եւ ահաւոր բաներ՝ Կարմիր ծովուն մէջ։
23 Ուստի ըսաւ թէ՝ զանոնք պիտի կորսնցնեմ, Եթէ անոր ընտրեալը՝ Մովսէս՝ Մէջտեղը անոր առջեւ կայնած չըլլար, Անոր բարկութիւնը իջեցնելու համար, որպէս զի չսատկեցնէ։
24 Նաեւ այն ցանկալի երկիրը անարգեցին Ու անոր խօսքին չհաւատացին։
25 Իրենց վրաններուն մէջ տրտնջեցին, Տէրոջը ձայնը չլսեցին։
26 Ուստի անոնց համար երդում ըրաւ՝ ՝, Որ զանոնք անապատին մէջ ձգէ
27 Եւ անոնց սերունդը՝ ազգերու մէջ, Զանոնք երկիրներու մէջ ցրուէ։
28 Բայց անոնք Բելփեգովրի յարեցան Ու մեռածներուն զոհերը կերան
29 Եւ իրենց գործերովը Տէրը բարկացուցին։ Ուստի անոնց վրայ ժանտամահ հասաւ։
30 Ետքը Փենէհէս ելաւ ու բարեխօսեց Եւ ժանտամահը դադրեցաւ։
31 Այս բանը անոր արդարութիւն սեպուեցաւ՝ Ազգէ մինչեւ ազգ՝ յաւիտեան։
32 Նաեւ բարկացուցին զԱնիկա Մերիպայի ջուրերուն քով։ Անոնց համար Մովսէսին գէշ եղաւ,
33 Վասն զի դառնացուցին անոր հոգին։ Ան ալ անխորհրդաբար խօսեցաւ իր շրթունքներովը։
34 Չկորսնցուցին այն ազգերը, Որ Տէրը պատուիրեր էր անոնց.
35 Հապա հեթանոսներուն հետ խառնուեցան Ու անոնց գործերը սորվեցան
36 Եւ անոնց կուռքերուն ծառայեցին Ու անոնք իրենց որոգայթ եղան։
37 Իրենց տղաքներն ու աղջիկները Դեւերուն զոհեցին,
38 Անմեղ արիւն թափեցին, Իրենց տղաքներուն ու աղջիկներուն արիւնը, Որոնք զոհեցին Քանանի կուռքերուն։ Երկիրը պղծուեցաւ արիւնով։
39 Իրենց գործերովը պղծուեցան Ու իրենց ըրածներովը պոռնկութիւն ըրին,
40 Ուստի Տէրոջը բարկութիւնը բորբոքեցաւ իր ժողովուրդին վրայ Ու զզուեցաւ իր ժառանգութենէն։
41 Զանոնք հեթանոսներուն ձեռքը մատնեց Ու զանոնք ատողները տիրեցին անոնց վրայ։
42 Անոնց թշնամիները նեղեցին զանոնք Ու անոնց ձեռքին տակ խոնարհեցան։
43 Շատ անգամ փրկեց անոնք, Բայց անոնք իրենց խորհուրդներովը դառնացուցին Անիկա Ու նուաստացան իրենց անօրէնութիւններուն համար։
44 Սակայն անիկա նայեցաւ անոնց նեղութեանը, Երբ անոնց աղաղակը լսեց
45 Ու անոնց համար իր ուխտը յիշեց Եւ իր մեծ ողորմութեանը համեմատ զղջաց
46 Ու անոնց բոլոր գերեվարներուն առջեւ Գթութիւն գտնել տուաւ անոնց։
47 Փրկէ՛ մեզ, ո՛վ Տէր, մեր Աստուածը Ու հաւաքէ մեզ հեթանոսներուն մէջէն, Որպէս զի քու սուրբ անուանդ գոհութիւն մատուցանենք Ու քու օրհնութիւնովդ պարծենանք։
48 Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, Յաւիտեանս յաւիտենից։ Բոլոր ժողովուրդը թող ըսէ. «Ամէն»։ Ալէլուիա՜։