ՍԱՂՄՈՍ 121

Աչքերս դէպի լեռները պիտի վերցնեմ, Ուրկէ իմ օգնութիւնս պիտի գայ։
2 Իմ օգնութիւնս Տէրոջմէն է, Որ երկինքը ու երկիրը ստեղծեց։
3 Անիկա քու ոտքդ պիտի չդողացնէ Ու քու Պահապանդ պիտի չքնանայ։
4 Ահա Իսրայէլի Պահապանը Պիտի չմրափէ ու պիտի չքնանայ։
5 Տէրը քու պահապանդ է. Տէրը քու աջ ձեռքիդ քով քու հովանիդ է։
6 Ցորեկը արեգակը քեզ պիտի չզարնէ, Ո՛չ ալ գիշերը՝ լուսինը։
7 Տէրը քեզ ամէն չարէն պիտի պահպանէ, Քու անձդ պիտի պահպանէ։
8 Տէրը քու ելլելդ ու մտնելդ պիտի պահպանէ Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։