ՍԱՂՄՈՍ 35

Ո՛վ Տէր, ինծի հետ հակառակողներուն հետ հակառակէ՛. Ինծի հետ պատերազմողներուն հետ պատերազմէ՛։
2 Ասպարը ու վահանը ա՛ռ Ու ելի՛ր ինծի օգնութիւն ընելու։
3 Նաեւ նիզակը քաշէ՛ ու ճամբան գոցէ՛ զիս հալածողներուն դէմ. Ըսէ՛ անձիս. «Քու փրկութիւնդ ես եմ»։
4 Իմ անձս փնտռողները թող ամչնան ու խայտառակ ըլլան։ Թող ետ դառնան ու ամչնան Անոնք, որ ինծի համար չարութիւն կը խորհին։
5 Հովին առջեւ եղած մղեղին պէս թող ըլլան անոնք Եւ Տէրոջը հրեշտակը փախցնէ զանոնք։
6 Անոնց ճամբան թող խաւար ու սահուն ըլլայ Եւ Տէրոջը հրեշտակը թող հալածէ զանոնք։
7 Վասն զի զո՜ւր տեղը իրենց որոգայթը փոսի մէջ ինծի համար ծածկեցին Ու զո՜ւր տեղը փոս փորեցին անձիս համար։
8 Թող անոր վրայ յանկարծ աւերում գայ Եւ իր ծածկած որոգայթը զինք բռնէ, Նոյն աւերման մէջ իյնայ։
9 Սակայն իմ անձս Տէրոջմով պիտի ցնծայ, Անոր փրկութիւնովը ուրախ պիտի ըլլայ։
10 Իմ բոլոր ոսկորներս պիտի ըսեն. «Տէ՛ր, ո՞վ քեզի նման է, Որ աղքատը կ’ազատես անկէ, որ կը բռնանայ անոր վրայ Ու աղքատը եւ տնանկը՝ իրենց յափշտակողէն»։
11 Սուտ վկաներ ելան, Չգիտցածներս կը հարցնէին ինծի։
12 Աղէկութեան փոխարէն ինծի գէշութիւն ըրին։ Հոգիս անօգնական է։
13 Բայց ես անոնց հիւանդութեան ատեն քուրձ կը հագնէի. Իմ անձս ծոմով կը չարչարէի Ու իմ աղօթքս իմ ծոցս պիտի դառնայ՝ ՝։
14 Ինչպէս իմ ընկերիս կամ եղբօրս հետ՝ այնպէս ալ անոնց հետ կը վարուէի, Իր մօրը համար սուգ ունեցողի մը պէս տրտմութեամբ կը խոնարհէի։
15 Բայց անոնք իմ ինկած ատենս միասնաբար խնդացին։ Զարնողները իմ դէմ հաւաքուեցան, բայց ես բան մը չէի գիտեր։ Պատռեցին զիս, առանց դադարի.
16 Խնճոյքի կեղծաւոր խեղկատակներու հետ Ակռանին իմ վրաս կը կրճտէին։
17 Ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ պիտի նայիս։ Ազատէ՛ իմ անձս անոնց աւերումներէն, Իմ կեանքս՝ առիւծի կորիւններէն։
18 Այն ատեն մեծ ժողովին մէջ քեզ պիտի գովեմ, Մեծ բազմութեան մէջ քեզ պիտի օրհնեմ։
19 Զուր տեղը ինծի թշնամի եղողները՝ թող իմ վրաս չխնդան, Առանց պատճառի զիս ատողները աչքով նշան թող չընեն։
20 Վասն զի խաղաղութիւն չեն խօսիր, Հապա երկրին մէջ հանդարտներուն դէմ նեղութիւն կը խորհին,
21 Իրենց բերանը ինծի դէմ կը լայնցնեն՝ ըսելով. «Վա՛շ, վա՛շ, մեր աչքերը տեսան»։
22 Ո՛վ Տէր, դուն տեսար, լուռ մի՛ կենար. Ո՛վ Տէր, ինծմէ մի՛ հեռանար։
23 Արթնցի՛ր, ո՛վ իմ Աստուածս ու Տէրս Ու իմ դատաստանիս ու դատիս հսկէ։
24 Քու արդարութեանդ համեմատ իրաւունք ըրէ ինծի, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, Որպէս զի վրաս չխնդան.
25 Իրենց սրտին մէջ թող չըսեն թէ «Ահա մեր փափաքածը եղաւ»։ Ու թող չըսեն թէ «Կլլեցինք զանիկա»։
26 Թող ամչնան ու մէկտեղ խայտառակ ըլլան Անոնք, որ իմ չարիքիս վրայ կը խնդան. Իմ վրաս հպարտացողները Թող ամօթ եւ խայտառակութիւն հագնին։
27 Թող ցնծան եւ ուրախանան Անոնք, որ իմ արդարութիւնս կ’ուզեն Ու միշտ թող ըսեն. «Աստուած թող մեծնայ, Որ իր ծառային խաղաղութիւն կ’ուզէ»։
28 Իմ լեզուս քու արդարութիւնդ պիտի պատմէ Ու ամէն օր՝ քու գովութիւնդ։