ՍԱՂՄՈՍ 89

Տէրոջը ողորմութիւնները յաւիտեան պիտի երգեմ. Քու հաւատարմութիւնդ իմ բերնովս ազգէ ազգ պիտի պատմեմ։
2 Վասն զի ըսի թէ ողորմութիւնդ յաւիտեան պիտի հաստատուի. Երկնքի մէջ պիտի հաստատես քու հաւատարմութիւնդ։
3 «Ես իմ ընտրեալիս հետ ուխտ ըրի, Իմ Դաւիթ ծառայիս երդում ըրի, ըսելով.
4 ‘Քու սերունդդ յաւիտեան պիտի հաստատեմ Եւ ազգէ ազգ պիտի շինեմ քու աթոռդ’»։ (Սէլա։)
5 Երկինքն ալ կը փառաւորէ քու հրաշքներդ, ո՛վ Տէր Եւ քու հաւատարմութիւնդ՝ սուրբերուն ժողովին մէջ։
6 Վասն զի ո՞վ կայ երկնքի մէջ Տէրոջը հաւասար Ու հզօրներու որդիներուն մէջ ո՜վ կը նմանի Տէրոջը։
7 Աստուած խիստ զարհուրելի է սուրբերուն ժողովին մէջ Եւ ահաւոր է շուրջը եղողներուն վրայ։
8 Ո՛վ Տէր, զօրքերու Աստուած, ո՞վ է քեզի պէս հզօր Տէր Եւ քու հաւատարմութիւնդ քու բոլորտիքդ է։
9 Դուն կը տիրես ծովուն հպարտութեանը վրայ, Երբ անոր ալիքները բարձրանան, դուն կը հանդարտեցնես զանոնք։
10 Դուն ճնշեցիր Ռահաբը խոցուածի պէս, Քու զօրութեանդ բազուկովը ցրուեցիր քու թշնամիներդ։
11 Քուկդ է երկինքը եւ քուկդ է երկիրը։ Դո՛ւն հիմնեցիր աշխարհը ու անոր լիութիւնը։
12 Հիւսիսը ու հարաւը դո՛ւն ստեղծեցիր. Թաբորն ու Հերմոնը քու անունովդ կը ցնծան։
13 Դուն զօրաւոր բազուկ ունիս. Քու ձեռքդ ուժով է, քու աջ ձեռքդ բարձրացած է։
14 Արդարութիւնը ու իրաւունքը քու աթոռիդ հիմն են, Ողորմութիւնը ու ճշմարտութիւնը քու երեսիդ առջեւէն կ’երթան։
15 Երանի այն ժողովուրդին որ կը ճանչնայ ազդարարութեան փողերուն՝ ՝ ձայնը. Ո՛վ Տէր, անոնք քու երեսիդ լոյսովը պիտի քալեն։
16 Քու անունովդ ամէն օր պիտի ցնծան Ու քու արդարութիւնովդ պիտի բարձրանան։
17 Վասն զի դուն ես անոնց զօրութեանը փառքը Եւ քու հաճութիւնովդ պիտի բարձրանայ մեր եղջիւրը։
18 Վասն զի մեր վահանը Տէրոջն է Ու մեր թագաւորը Իսրայէլի Սուրբն է։
19 Այն ժամանակ տեսիլքով խօսեցար քու սուրբիդ հետ Ու ըսիր. «Օգնութիւն դրի զօրաւորին վրայ, Ժողովուրդէն ընտրուածը բարձրացուցի։
20 Իմ ծառաս Դաւիթը գտայ, Իմ սուրբ իւղովս օծեցի զանիկա.
21 Անոր հետ իմ ձեռքս պիտի հաստատուի Ու իմ բազուկս պիտի զօրացնէ զանիկա։
22 Թշնամին պիտի չհարստահարէ զանիկա Ու անօրէնութեան որդին պիտի չչարչարէ զանիկա։
23 Անոր թշնամիները իր առջեւէն պիտի կոտրեմ Ու զանիկա ատողները պիտի զարնեմ։
24 Իմ հաւատարմութիւնս ու ողորմութիւնս անոր հետ պիտի ըլլան Ու անոր եղջիւրը իմ անունովս պիտի բարձրանայ։
25 Անոր ձեռքը ծովուն մէջ պիտի դնեմ Ու անոր աջ ձեռքը՝ գետերուն մէջ։
26 Անիկա ինծի պիտի կանչէ՝ ‘Դուն ես իմ Հայրս, Իմ Աստուածս ու իմ փրկութեանս Վէմը’։
27 Ես զանիկա անդրանիկ պիտի ընեմ՝ Երկրի թագաւորներէն աւելի բարձր։
28 Իմ ողորմութիւնս յաւիտեան պիտի պահեմ անոր համար Ու իմ ուխտս անոր հետ հաւատարիմ պիտի ըլլայ։
29 Անոր սերունդը յաւիտեան պիտի հաստատեմ Ու անոր աթոռը երկնքի օրերուն չափ պիտի ընեմ։
30 Եթէ անոր որդիները իմ օրէնքս թողուն Ու իմ իրաւունքներովս չքալեն,
31 Եթէ իմ կանոններս անարգեն Ու իմ պատուիրանքներս չպահեն,
32 Ես ալ գաւազանով պիտի պատժեմ անոնց յանցանքը Ու հարուածներով՝ անոնց անօրէնութիւնը։
33 Բայց իմ ողորմութիւնս պիտի չկտրեմ անկէ Ու իմ հաւատարմութիւնս սուտ պիտի չհանեմ։
34 Իմ ուխտս պիտի չանարգեմ Ու շրթունքներէս ելածը պիտի չփոխեմ։
35 Անգամ մը երդում ըրի իմ սրբութիւնովս, Որ սուտ պիտի չըսեմ Դաւիթին.
36 Անոր սերունդը յաւիտեան պիտի մնայ Ու անոր աթոռը իմ առջեւս արեգակին չափ.
37 Լուսնին պէս յաւիտեան պիտի հաստատուի Ու երկնքի մէջ հաւատարիմ վկայի պէս»։ (Սէլա։)
38 Բայց դուն երեսէ ձգեցիր ու անարգեցիր. Քու օծեալիդ բարկացար,
39 Քու ծառայիդ հետ ըրած ուխտդ մերժեցիր, Անոր թագը գետնին հաւասար ըրիր,
40 Անոր բոլոր պարիսպները փլցուցիր, Անոր բերդերը աւերակ ըրիր։
41 Բոլոր ճամբայէն անցնողները կողոպտեցին զանիկա, Նախատինք եղաւ իր դրացիներուն։
42 Զինք նեղողներուն աջ ձեռքը բարձրացուցիր, Անոր բոլոր թշնամիները ուրախացուցիր։
43 Անոր սուրին բերանը դարձուցիր Ու զինք պատերազմի մէջ չկայնեցուցիր։
44 Անոր փառքը դադրեցուցիր Ու անոր աթոռը գետինը զարկիր։
45 Անոր երիտասարդութեան օրերը կարճցուցիր, Զանիկա ամօթով ծածկեցիր։ (Սէլա։)
46 Մինչեւ ե՞րբ, ո՛վ Տէր, Քու անձդ միշտ պիտի պահե՞ս Եւ քու սրտմտութիւնդ կրակի պէս պիտի բորբոքի՞։
47 Յիշէ՛ իմ կեանքիս երկարութիւնը. Միթէ ունայնութեան համա՞ր ստեղծեցիր մարդոց բոլոր որդիները։
48 Ո՞վ է այն մարդը, որ կրնայ ապրիլ ու երբեք մահ չտեսնել Եւ իր անձը դժոխքին ձեռքէն կրնայ փրկել։ (Սէլա։)
49 Ո՛վ Տէր, ո՞ւր են քու առաջուան ողորմութիւններդ, Որոնք երդում ըրիր Դաւիթին քու հաւատարմութիւնովդ։
50 Ո՛վ Տէր, յիշէ՛ քու ծառաներուդ նախատինքը, Որ իմ ծոցիս մէջ կը կրեմ բոլոր մեծ ազգերէն.
51 Որ քու թշնամիներդ անարգեցին, ո՛վ Տէր, Որ քու օծեալիդ քայլերը անարգեցին։
52 Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրը յաւիտեան։ Ամէն ու ամէն։