ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 80
Ականջ դի՛ր, ո՛վ Իսրայէլին Հովիւը, Որ Յովսէփին հօտի պէս կ’առաջնորդես։ Դո՛ւն, որ քերովբէներու վրայ կը նստիս, պայծառացի՛ր։
2 Եփրեմին ու Բենիամինին եւ Մանասէին առջեւ Արթնցո՛ւր քու զօրութիւնդ Ու եկո՛ւր մեզ փրկէ։
3 Ո՛վ Աստուած, մեզի՛ դարձիր Եւ քու երեսդ փայլեցուր ու պիտի փրկուինք։
4 Ո՛վ Տէր, զօրա՛ց Աստուած, Մինչեւ ե՞րբ պիտի բարկանաս քու ժողովուրդիդ աղօթքին։
5 Արտասուքի հաց կը կերցնես անոնց Ու մեծ չափով արտասուք կը խմցնես անոնց։
6 Մեզ նախատինքի առարկայ կ’ընես մեր դրացիներուն Ու մեր թշնամիներուն մէջ ծաղրանքի առարկայ։
7 Ո՛վ զօրաց Աստուած, մեզի՛ դարձիր Եւ քու երեսդ փայլեցո՛ւր ու պիտի փրկուինք։
8 Եգիպտոսէն որթատունկ մը փոխադրեցիր, Հեթանոսները վռնտեցիր ու զանիկա տնկեցիր։
9 Անոր առջեւէն տե՛ղ պատրաստեցիր, Անոր արմատները հաստատեցիր Եւ անիկա երկիրը լեցուց։
10 Լեռները ծածկուեցան անոր հովանիովը Ու անոր ճիւղերը Աստուծոյ եղեւիններուն պէս եղան։
11 Իր ճիւղերը երկնցուց մինչեւ ծովը Ու իր բարունակները՝ մինչեւ Գետը։
12 Ինչո՞ւ փլցուցիր անոր ցանկերը, Որ ճամբայէն բոլոր անցնողները անոր պտուղը քաղեն։
13 Անտառին խոզը ապականեց զանիկա Ու դաշտի գազանները կերան զանիկա։
14 Ո՛վ զօրաց Աստուած, կ’աղաչե՛մ, դարձի՛ր. Նայէ՛ երկնքէն ու տե՛ս Ու այցելէ՛ այս որթատունկին,
15 Որ քու աջ ձեռքովդ տնկեցիր Ու արմատը՝ որ քեզի համար զօրացուցիր։
16 Թող անոնք կրակով այրուին ու կտրուին, Քու սաստէդ թող կորնչին։
17 Թող քու ձեռքդ մարդուն վրայ ըլլայ Ու քու աջ ձեռքդ մարդու որդիին վրայ, որ քեզի համար զօրացուցիր։
18 Մենք այլեւս պիտի չդառնանք քեզմէ. Կենդանացո՛ւր մեզ ու քու անունդ պիտի կանչենք։
19 Ո՛վ Տէր, զօրա՛ց Աստուած, մեզի՛ դարձիր Եւ քու երեսդ փայլեցո՛ւր ու պիտի փրկուինք։