ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 53
Անզգամը իր սրտին մէջ ըսաւ. «Աստուած չկայ»։ Ապականեցան պիղծ անօրէնութիւն ընելով։ Մէ՛կը չկայ որ աղէկութիւն ընէ։
2 Աստուած երկնքէն նայեցաւ մարդոց որդիներուն վրայ, Որպէս զի տեսնէ թէ կա՞յ արդեօք իմաստուն մէկը, Որ Աստուած փնտռէ։
3 Ամէնքը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան. Աղէկութիւն ընող մը չկայ, հատ մըն ալ չկայ։
4 Միթէ չե՞ն ճանչնար անօրէնութիւն ընողները, Որոնք հաց ուտելու պէս իմ ժողովուրդս կ’ուտեն Ու Աստուծոյ չեն կանչեր։
5 Անոնք հո՛ն շատ վախցան՝ ուր վախ չկար. Վասն զի քեզ պաշարողներուն ոսկորները ցրուեց Աստուած։ Անոնք պիտի ամչնան եւ ամօթով մնան, վասն զի Աստուած անարգեց զանոնք։
6 Երանի՜ թէ Սիօնէն գար Իսրայէլի փրկութիւնը։ Աստուծոյ՝ իր ժողովուրդը գերութենէն դարձուցած ատենը՝ Յակոբ պիտի ցնծայ ու Իսրայէլ ուրախ պիտի ըլլայ։