ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 105
Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, անոր անունը կանչեցէ՛ք, Անոր գործերը ժողովուրդներուն մէջ պատմեցէ՛ք։
2 Երգեցէ՛ք անոր, սաղմոս ըսէ՛ք անոր, Պատմեցէ՛ք անոր բոլոր հրաշքները։
3 Անոր սուրբ անունովը հպարտացէ՛ք։ Տէրը խնդրողներուն սիրտը թող ուրախ ըլլայ։
4 Տէրը ու անոր զօրութիւնը խնդրեցէ՛ք, Ամէն ժամանակ անոր երեսը փնտռեցէ՜ք.
5 Յիշեցէ՛ք անոր ըրած հրաշքները, Անոր նշանները ու բերնին դատաստանները։
6 Ո՛վ անոր ծառային՝ Աբրահամին՝ սերունդ, Ո՛վ Յակոբի որդիներ, անոր ընտրեալները։
7 Եհովան ինքն է մեր Աստուածը. Անոր դատաստանները բոլոր երկրի մէջ են։
8 Անիկա իր ուխտը յաւիտեան կը յիշէ Ու իր պատուիրած խօսքը՝ մինչեւ հազար ազգ.
9 Այն ուխտը որ Աբրահամին ըրաւ Ու իր երդումը որ Իսահակին ըրաւ,
10 Յակոբին ալ հաստատեց զանիկա՝ օրէնք մը ըլլալու Ու Իսրայէլին՝ իբրեւ յաւիտենական ուխտ մը,
11 Ըսելով. «Քեզի պիտի տամ Քանանի երկիրը, Ձեր ժառանգութեան վիճակը»։
12 Երբ անոնք սակաւաթիւ էին, Քիչուոր ու պանդուխտ՝ անոր մէջ
13 Ու մէկ ազգէ ուրիշ ազգի գացին, Մէկ թագաւորութենէ ուրիշ ժողովուրդի,
14 Անիկա մէկո՛ւն թող չտուաւ, որ զանոնք նեղէ. Թագաւորներ ալ յանդիմանեց անոնց համար,
15 Ըսելով. «Իմ օծեալներուս մի՛ դպչիք Ու իմ մարգարէներուս չարութիւն մի՛ ընէք»։
16 Երբ սով բերաւ երկրի վրայ, Հացին բոլոր զօրութիւնը կոտրեց։
17 Անոնց առջեւէն մարդ ղրկեց, Յովսէփը՝ որ ծառայութեան ծախուեցաւ։
18 Անոր ոտքերը կապանքով նեղեցին, Անոր անձը երկաթի մէջ դրուեցաւ՝
19 Մինչեւ այն ժամանակ, երբ անոր խօսքը եկաւ, Տէրոջը խօսքը փորձեց զանիկա։
20 Թագաւորը ղրկեց ու արձակեց զանիկա։ Ժողովուրդներուն իշխանը ազատեց զանիկա։
21 Իր տանը վրայ տէր կեցուց զանիկա Եւ իր բոլոր ունեցածին վրայ՝ իշխան,
22 Որպէս զի անոր իշխանները իր ուզածին պէս կապէ Ու անոր ծերերը իմաստուն ընէ։
23 Իսրայէլ Եգիպտոս եկաւ Ու Յակոբ պանդուխտ եղաւ Քամի երկրին մէջ։
24 Տէրը իր ժողովուրդը խիստ շատցուց Ու զանոնք իրենց թշնամիներէն աւելի զօրաւոր ըրաւ։
25 Անոնց սիրտը դարձուց, որպէս զի իր ժողովուրդը ատեն Ու իր ծառաներուն նենգութիւն ընեն։
26 Իր ծառան Մովսէսը ղրկեց Եւ իր ընտրած Ահարոնը,
27 Որոնք անոնց մէջ իր նշանները ըրին Ու հրաշքներ՝ Քամի երկրին մէջ։
28 Խաւար ղրկեց ու խաւարեցուց Եւ անոր խօսքին դէմ չկեցան։
29 Անոնց ջուրերը արիւնի դարձուց Ու անոնց ձուկերը սպաննեց։
30 Անոնց երկիրը առատօրէն գորտեր դուրս բերաւ, Մինչեւ անոնց թագաւորներուն ներքին սենեակներուն մէջ։
31 Ըսաւ՝ ու շանաճանճը եւ մուները Անոնց բոլոր սահմաններուն մէջ եկան։
32 Անձրեւի տեղ կարկուտ տուաւ անոնց Ու կրակի բոցեր՝ անոնց երկրին մէջ։
33 Անոնց որթատունկերը ու թզենիները զարկաւ Եւ անոնց սահմաններուն ծառերը կոտրտեց։
34 Ըսաւ՝ ու եկան մարախը Եւ ջորեակը՝ առանց համրանքի,
35 Որոնք անոնց երկրին մէջի բոլոր խոտը Եւ անոնց արտերուն պտուղը կերան։
36 Անոնց երկրին բոլոր անդրանիկները Ու անոնց բոլոր զօրութեանը սկիզբը զարկաւ։
37 Զանոնք ոսկիով ու արծաթով հանեց Ու անոնց ցեղերուն մէջ տկար մարդ չկար։
38 Եգիպտոս ուրախացաւ անոնց դուրս ելլելուն, Վասն զի անոնց ահը իրենց վրայ ինկած էր։
39 Ցորեկը՝ հովանի ըլլալու համար ամպ Ու գիշերը՝ լոյս տալու համար կրակ տարածեց։
40 Խնդրեցին ու լորամարգիներ բերաւ Ու երկնքի հացով կշտացուց զանոնք։
41 Վէմը պատռեց ու ջուրերը վազեցին, Գետի պէս հոսեցան չոր տեղերուն մէջէն։
42 Վասն զի իր սուրբ խոստումը յիշեց, Որ իր Աբրահամ ծառային ըրեր էր։
43 Ժողովուրդը ցնծութիւնով հանեց Եւ իր ընտրածները՝ ուրախութիւնով։
44 Հեթանոսներուն երկիրները անոնց տուաւ Եւ անոնք ժողովուրդներուն վաստակները ժառանգեցին,
45 Որպէս զի անոր պատուիրանքները պահեն Ու անոր օրէնքները կատարեն։ Ալէլուիա՜։