ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 85
Ո՛վ Տէր, դուն հաւնեցար քու երկրիդ, Յակոբը գերութենէ դուն դարձուցիր։
2 Քու ժողովուրդիդ անօրէնութիւնը ներեցիր, Անոնց բոլոր մեղքերը ծածկեցիր։ (Սէլա։)
3 Հեռացուցիր քու բոլոր սրտմտութիւնդ, Ետ դարձար քու սաստիկ բարկութենէդ։
4 Մեզ դարձուր՝ ՝, ո՛վ մեր փրկութեան Աստուածը Եւ քու բարկութիւնդ՝ որ մեր վրայ է՝ դադրեցո՛ւր։
5 Միթէ յաւիտեան պիտի բարկանա՞ս մեզի. Քու բարկութիւնդ ազգէ մինչեւ ազգ պիտի երկնցնե՞ս։
6 Միթէ ետ պիտի չդառնա՞ս ու մեզ կենդանացնես, Որպէս զի քու ժողովուրդդ քեզմով ուրախ ըլլայ։
7 Ցուցո՛ւր մեզի, ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ Եւ քու փրկութիւնդ մեզի տուր։
8 Պիտի լսեմ ինչ որ կը խօսի Տէր Աստուած. Վասն զի խաղաղութեամբ պիտի խօսի իր ժողովուրդին ու իր սուրբերուն, Որ սրտով իրեն կը դառնան։
9 Արդարեւ փրկութիւնը մօտ է իրմէ վախցողներուն, Որպէս զի մեր երկրին մէջ փառքը բնակի։
10 Ողորմութիւնը ու ճշմարտութիւնը իրարու պատահեցան, Արդարութիւնը ու խաղաղութիւնը իրար համբուրեցին։
11 Ճշմարտութիւնը երկրէն պիտի բուսնի Ու արդարութիւնը երկնքէն վար պիտի նայի։
12 Տէրը բարութիւն պիտի տայ Ու մեր երկիրը՝ իր պտուղը։
13 Արդարութիւնը անոր առջեւէն պիտի երթայ Ու գնացքները ճամբու՝ ՝ պիտի դնէ։