ՍԱՂՄՈՍ 3

Ո՛վ Տէր, իմ թշնամիներս որչա՜փ շատցան։ Իմ վրաս ելլողները շատուոր են։
2 Շատերը իմ անձիս համար կ՛ըսեն թէ՝ «Ասոր փրկութիւն չկայ Աստուծմէն»։ (Սէլա։)
3 Բայց, ո՛վ Տէր, դուն ես իմ ասպարս, Իմ փառքս ու իմ գլուխս բարձրացնողը։
4 Իմ ձայնովս Տէրոջը կանչեցի Ու իր սուրբ լեռնէն ինծի պատասխանեց։ (Սէլա։)
5 Ես պառկեցայ ու քնացայ. Արթնցայ, վասն զի Տէրը զիս պաշտպանեց։
6 Ես պիտի չվախնամ բիւրաւոր ժողովուրդներէն, Որոնք իմ չորս կողմս պատեցին։
7 Ելի՛ր, ո՛վ Տէր, զիս փրկէ, ո՛վ իմ Աստուածս, Վասն զի դուն զարկիր իմ բոլոր թշնամիներուս թուշը։ Ամբարիշտներուն ակռաները փշրեցիր։
8 Փրկութիւնը Տէրոջն է։ Քու օրհնութիւնդ քու ժողովուրդիդ վրայ է։ (Սէլա։)