ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 69
Ապրեցո՛ւր զիս, ո՛վ Աստուած Վասն զի ջուրերը իմ անձիս հասան։
2 Խորունկ ցեխի մէջ կ’ընկղմիմ, Ուր կայնելու տեղ չկայ, Ջուրերուն խորունկ տեղերը մտայ Ու յորձանքները զիս ընկղմեցին։
3 Յոգնեցայ ես կանչելէն, կոկորդս ցամքեցաւ, Աչքերս նուաղեցան իմ Աստուծոյս սպասելէն։
4 Առանց պատճառի զիս ատողները գլխուս մազերէն շատ են. Զիս փուճ տեղ կորսնցնող թշնամիներս զօրացան։ Այն բանը որ չէի յափշտակած, ստիպեցին որ վճարեմ։
5 Ո՛վ Աստուած, իմ յիմարութիւնս դո՛ւն գիտես Ու յանցանքներս քեզմէ ծածկուած չեն։
6 Քեզի համբերողները իմ պատճառովս թող ամչնան, Ո՛վ Տէր, զօրաց Տէր, Քեզ փնտռողները իմ պատճառովս թող ամօթով չըլլան, Ո՛վ Իսրայէլի Աստուածը։
7 Վասն զի քեզի համար նախատինքի համբերեցի, Ամօթը ծածկեց իմ երեսս։
8 Եղբայրներուս՝ օտար Ու մօրս որդիներուն անծանօթ եղայ։
9 Վասն զի քու տանդ նախանձը զիս կերաւ Ու քեզ նախատողներուն նախատինքները իմ վրաս ինկան։
10 Իմ անձս խոնարհեցուցի ծոմ պահելով, Ասիկա ինծի նախատինք սեպուեցաւ։
11 Իբր հանդերձ քուրձ հագայ Ու անոնց ծաղրանքի առարկայ եղայ։
12 Դուռը նստողները իմ վրայովս կը խօսին Ու արբեցողները երգեր շինեցին իմ վրաս։
13 Բայց ես իմ աղօթքս կ’ընեմ քեզի, Ո՛վ Տէր, ընդունելի ժամանակին։ Ո՛վ Աստուած, քու մեծ ողորմութիւնովդ, Քու փրկութեանդ ճշմարտութիւնովը ինծի պատասխան տուր։
14 Հանէ՛ զիս ցեխէն, որ չընկղմիմ Եւ զիս ատողներէն ու խորունկ ջուրերէն ազատուիմ։
15 Ջուրերուն յորձանքը թող զիս չընկղմէ Ու անդունդը թող զիս չկլլէ Ու ջրհորը իր բերանը վրաս թող չգոցէ։
16 Պատասխա՛ն տուր ինծի, ո՛վ Տէր, Վասն զի քու ողորմութիւնդ քաղցր է։ Քու առատ գթութեանդ համեմատ նայէ՛ ինծի
17 Ու երեսդ մի՛ ծածկեր քու ծառայէդ, Վասն զի ես նեղութեան մէջ եմ։ Շուտով պատասխա՛ն տուր ինծի։
18 Իմ անձիս մօտեցի՛ր ու զանիկա փրկէ՛. Իմ թշնամիներէս զիս ազատէ։
19 Դուն գիտես իմ նախատինքս Եւ իմ ամօթս ու իմ խայտառակութիւնս։ Քու առջեւդ են բոլոր զիս նեղողները։
20 Նախատինքը սիրտս կոտրեց ու հիւանդացայ. Գթացող մը փնտռեցի, բայց չկար Ու մխիթարութիւն տուողներ՝ բայց չգտայ։
21 Հապա կերակուրի տեղ թոյն տուին ինծի Ու ծարաւցած ատենս՝ քացախ խմցուցին ինծի։
22 Անոնց սեղանը թող իրենց առջեւ՝ որոգայթ, Անոնց խնճոյքները իրենց վարմ ըլլան։
23 Անոնց աչքերը թող մթննան, որպէս զի չտեսնեն Ու անոնց մէջքերը դողացո՛ւր։
24 Քու սրտմտութիւնդ անոնց վրայ թափէ՛ Ու սաստիկ բարկութիւնդ անոնց վրայ թող հասնի։
25 Անոնց բնակարանը աւերակ ըլլայ Ու անոնց վրաններուն մէջ բնակող չգտնուի։
26 Վասն զի զայն որ դուն զարկիր, անոնք կը հալածեն Եւ քու վիրաւորածիդ ցաւին վրայով կը խօսին։
27 Անոնց անօրէնութեան վրայ անօրէնութիւն դիր, Որպէս զի արդարութեանդ չհասնին։
28 Կենաց գրքէն թո՛ղ ջնջուին Ու արդարներուն հետ թող չգրուին։
29 Բայց ես աղքատ ու վշտացած եմ. Ո՛վ Աստուած, քու փրկութիւնդ թո՛ղ զիս պաշտպանէ։
30 Աստուծոյ անունը պիտի գովեմ երգով Ու պիտի բարձրացնեմ զանիկա գոհութիւնով։
31 Ասիկա եղջերաւոր ու կճղակաւոր եզէն ու զուարակէն Աւելի՛ ընդունելի պիտի ըլլայ Տէրոջը։
32 Հեզերը պիտի տեսնեն եւ ուրախանան. Ո՛վ Աստուած փնտռողներ, ձեր սիրտն ալ պիտի ապրի,
33 Վասն զի Տէրը տնանկներուն կը լսէ Ու իր կապուածները չանարգեր
34 Թող գովեն զանիկա երկինք ու երկիր, Ծովն ու բոլոր անոր մէջ շարժողները։
35 Վասն զի Աստուած Սիօնը պիտի փրկէ Ու Յուդայի քաղաքները պիտի շինէ Եւ հոն պիտի բնակին ու ժառանգեն զանիկա։
36 Իր ծառաներուն սերունդը պիտի ժառանգէ զանիկա Ու իր անունը սիրողները անոր մէջ պիտի բնակին։