ՍԱՂՄՈՍ 39

Ըսի թէ ճամբաներուս զգուշութիւն ընեմ, Որպէս զի լեզուովս մեղք չգործեմ։ Բերանս սանձով պահեմ՝ Ամբարիշտին իմ առջեւս եղած ատենը։
2 Մունջ եղայ լռութիւնով, Աղէկութեան վրայով ալ լռեցի Ու ցաւս շարժեցաւ։
3 Սիրտս բորբոքեցաւ ներսիդիս, Ջերմութեանս մէջ կրակը վառեցաւ, Այն ատեն լեզուովս խօսեցայ.
4 «Ցուցո՛ւր ինծի, ո՛վ Տէր, իմ վերջս Եւ օրերուս չափը որչափ է», Որպէս զի գիտնամ թէ ի՛նչպէս անցաւոր եմ։
5 Ահա իմ օրերս թիզերու չափ դրիր Ու իմ կեանքս ոչնչի պէս է քու առջեւդ։ Իրաւ ամէն մարդ թէեւ հաստատուած ըլլայ, Բայց բոլորովին ունայնութիւն է։ (Սէլա։)
6 Արդարեւ մարդը ստուերի մը պէս կը պտըտի. Արդարեւ փուճ տեղը անհանգիստ կ’ըլլայ. Կը դիզէ, բայց չի գիտեր թէ ո՞վ պիտի առնէ զանոնք։
7 «Ու հիմա ի՞նչ բանի սպասեմ, ո՛վ Տէր. Իմ յոյսս դուն ես։
8 Փրկէ զիս իմ բոլոր յանցանքներէս, Զիս յիմարներուն նախատինքին առարկայ մի՛ ըներ։
9 Մունջ եղայ ու բերանս չբացի, Վասն զի դուն ըրիր։
10 Քու հարուածդ հեռացո՛ւր ինծմէ. Ձեռքիդ զարնելովը ես կորսուեցայ։
11 Անօրէնութեան համար յանդիմանութիւններով կը խրատես մարդը, Ցեցի մը պէս կը մաշեցնես անոր ցանկալի բաները. Իրաւ ամէն մարդ ունայնութիւն է։ (Սէլա։)
12 Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղօթքս ու ակա՛նջ դիր աղաղակիս. Արցունքներս մի՛ անտեսեր. Վասն զի քու առջեւդ պանդուխտ մըն եմ ես, Հիւր մը իմ բոլոր նախնիքներուս պէս։
13 Թոյլտուութիւն ըրէ ինծի, որ զուարթանամ, Քանի որ չեմ գացեր այն տեղը որ ա՛լ պիտի չգտնուիմ»։