ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 145
Քեզ պիտի բարձրացնեմ, ո՛վ իմ Աստուածս, որ Թագաւոր ես Ու քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի օրհնեմ։
2 Ամէն օր քեզ պիտի օրհնեմ Եւ քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի գովեմ։
3 Մեծ ու խիստ գովելի է Տէրը Ու անոր մեծութիւնը անքննելի է։
4 Մէկ սերունդը միւսին պիտի գովէ քու գործերդ Եւ քու զօրութիւններդ պիտի պատմէ։
5 Քու փառքիդ մեծութեանը վայելչութիւնը Ու քու հրաշալի գործերդ պիտի յայտնեմ։
6 Եւ քու ահաւոր գործերուդ վրայ պիտի խօսին Ու ես քու մեծութիւնդ պիտի պատմեմ։
7 Քու մեծ բարերարութեանդ յիշատակը պիտի հրատարակեն Եւ քու արդարութիւնովդ պիտի ցնծան։
8 Ողորմած ու գթած է Տէրը, Երկայնամիտ ու բազումողորմ է։
9 Տէրը ամենուն բարի է Ու անոր ողորմութիւնները իր բոլոր գործերուն վրայ են։
10 Ո՛վ Տէր, քու բոլոր գործերդ քեզ պիտի գովեն Եւ քու սուրբերդ քեզ պիտի օրհնեն։
11 Քու թագաւորութեանդ փառքը պիտի յայտնեն Ու քու զօրութիւնդ պիտի պատմեն.
12 Որպէս զի անոր զօրաւոր գործերը ու անոր թագաւորական փառաւոր մեծութիւնը Մարդոց որդիներուն գիտցնեն։
13 Քու թագաւորութիւնդ յաւիտենական թագաւորութիւն է Ու քու տէրութիւնդ՝ ազգէ մինչեւ ազգ։
14 Տէրը կը հաստատէ բոլոր իյնալու վրայ եղողները Եւ բոլոր վար ծռածները կը կանգնեցնէ։
15 Ամենուն աչքերը քեզի կը սպասեն Ու ժամանակին անոնց կերակուրը դուն իրենց կու տաս։
16 Քու ձեռքդ կը բանաս Ու ամէն կենդանիի փափաքը կը լեցնես։
17 Տէրը արդար է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ Ու ողորմած է իր բոլոր գործերուն մէջ։
18 Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն, Այն ամենուն՝ որ ճշմարտութեամբ զինք կը կանչեն։
19 Անիկա իրմէ վախցողներուն փափաքը կը լեցնէ Եւ անոնց աղաղակը կը լսէ ու կը փրկէ զանոնք։
20 Տէրը բոլոր զինք սիրողները կը պահէ, Սակայն բոլոր ամբարիշտները կը կորսնցնէ։
21 Իմ բերանս Տէրոջը գովութիւնը պիտի պատմէ Ու ամէն մարմին անոր սուրբ անունը պիտի օրհնէ յաւիտեանս յաւիտենից։