ՍԱՂՄՈՍ 138

Քեզի գոհութիւն պիտի մատուցանեմ իմ բոլոր սրտովս Աստուածներուն առջեւ քեզի սաղմոս պիտի երգեմ։
2 Երկրպագութիւն պիտի ընեմ դէպի քու սուրբ տաճարդ Եւ քու անուանդ գոհութիւն պիտի մատուցանեմ Քու ողորմութեանդ ու ճշմարտութեանդ համար, Վասն զի քու բոլոր անունէդ վեր մեծցուցիր քու խօսքդ։
3 Կանչած օրս պատասխան տուիր ինծ, Իմ անձիս մէջ զօրութիւնով զիս ուժովցուցիր։
4 Ո՛վ Տէր, երկրի բոլոր թագաւորները քեզի գոհութիւն պիտի մատուցանեն, Երբ քու բերնիդ խօսքերը լսեն։
5 Տէրոջը ճամբաներուն մէջ պիտի երգեն. Վասն զի Տէրոջը փառքը մեծ է։
6 Թէպէտ Տէրը բարձր է, բայց խոնարհը կը տեսնէ Ու բարձրամիտը հեռուէն կը ճանչնայ։
7 Եթէ նեղութեան մէջ ալ քալեմ, Դուն զիս պիտի կենդանացնես, Իմ թշնամիներուս բարկութեանը դէմ Քու ձեռքդ պիտի երկնցնես Եւ քու աջ ձեռքդ զիս պիտի փրկէ։
8 Տէրը պիտի գործէ ինծի համար։ Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ յաւիտենական է։ Քու ձեռքիդ գործերը երեսէ մի՛ ձգեր։