ՍԱՂՄՈՍ 114

Երբ Իսրայէլ Եգիպտոսէն դուրս ելաւ Ու Յակոբին տունը օտարալեզու ժողովուրդին մէջէն,
2 Յուդան՝ անոր սրբարանը Ու Իսրայէլ անոր իշխանութիւնը եղաւ։
3 Ծովը տեսաւ ու փախաւ։ Յորդանան ետ դարձաւ։
4 Լեռները խոյերու պէս ցատկռտեցին Ու բլուրները՝ գառնուկներու պէս։
5 Քեզի ի՞նչ եղաւ, ո՛վ ծով, որ փախար Եւ դո՛ւն, Յո՛րդանան, որ ետ դարձար։
6 Ո՛վ լեռներ, ինչո՞ւ խոյերու պէս ցատկռտեցիք Ու դո՛ւք, բլուրներ՝ գառնուկներու պէս։
7 Սարսափէ՛, ո՛վ երկիր, Տէրոջը երեսէն, Յակոբին Աստուծոյն երեսէն,
8 Որ վէմը ջուրերու լիճի դարձուց Ու ապառաժը՝ ջուրերու աղբիւրի։