ՍԱՂՄՈՍ 21

Ո՛վ Տէր, քու զօրութիւնովդ թագաւորը ուրախ պիտի ըլլայ Ու քու փրկութիւնովդ ո՜րչափ շատ պիտի ցնծայ։
2 Անոր սրտին փափաքը իրեն տուիր Ու անոր շրթունքներուն խնդիրքը իրմէ չարգիլեցիր։ (Սէլա։)
3 Վասն զի բարութեան օրհնութիւններով անոր հասար. Անոր գլուխը մաքուր ոսկիէ պսակ դրիր։
4 Քեզմէ կեանք խնդրեց Ու անոր երկայն օրեր տուիր յաւիտեանս յաւիտենից։
5 Անոր փառքը մեծ է քու փրկութիւնովդ. Փառք ու վայելչութիւն դրիր անոր վրայ։
6 Վասն զի օրհնութիւնները անոր վրայ հաստատեցիր յաւիտեան. Քու ներկայութեանդ ցնծութեամբ ուրախացուցիր զայն։
7 Վասն զի թագաւորը Տէրոջը կը յուսայ Ու Բարձրելոյն ողորմութիւնովը պիտի չսասանի։
8 Քու ձեռքդ պիտի գտնէ քու բոլոր թշնամիներդ Քու աջ ձեռքդ պիտի գտնէ քեզ ատողները։
9 Զանոնք կրակի հնոցի պէս պիտի ընես քու բարկութեանդ ժամանակը. Տէրը իր բարկութիւնովը բոլորովին պիտի կորսնցնէ՝ ՝ զանոնք Ու կրակը պիտի ուտէ զանոնք։
10 Անոնց զաւակը երկրէն պիտի կորսնցնես Ու անոնց սերունդը՝ մարդոց որդիներէն։
11 Եթէ քեզի դէմ չարութիւն ծրագրեն, Եթէ նենգութիւն խորհին, պիտի չկրնան կատարել։
12 Վասն զի դու անոնց կռնակը ետ պիտի դարձնես. Քու նետերդ անոնց երեսին դէմ՝ լարերդ անոնց պիտի ուղղես։
13 Ո՛վ Տէր, քու ուժովդ փառաւորուէ։ Պիտի երգենք ու սաղմոս ըսենք քու զօրութեանդ։