ՍԱՂՄՈՍ 95

Եկէ՛ք ցնծութիւն ընենք Տէրոջը առջեւ, Աղաղակե՛նք մեր փրկութեան Վէմին։
2 Գոհութիւնով անոր երեսին առջեւ գա՛նք, Սաղմոսներով աղաղակե՛նք անոր։
3 Վասն զի Տէրը մեծ Աստուած է Ու բոլոր աստուածներուն վրայ՝ մեծ Թագաւոր։
4 Անոր ձեռքին մէջ են երկրի խորունկ տեղերը Ու լեռներուն բարձրութիւնները անորն են։
5 Իրն է ծովը ու ինք շինեց զանիկա Եւ իր ձեռքերը ստեղծեցին ցամաքը։
6 Եկէ՛ք, երկրպագութիւն ընենք ու ծռինք. Ծունկ կրկնենք մեզ ստեղծող Տէրոջը առջեւ,
7 Վասն զի ան է մեր Աստուածը Ու մենք անոր արօտին ժողովուրդը եւ անոր ձեռքին ոչխարներն ենք։ Այսօր եթէ անոր ձայնը պիտի լսէք,
8 Ձեր սրտերը մի՛ խստացնէք ինչպէս Մերիպայի մէջ, Անապատին մէջ փորձութեան օրուանը պէս,
9 Ուր ձեր հայրերը զիս փորձեցին, Քննեցին զիս ու իմ գործերս տեսան։
10 Քառասուն տարի զզուեցայ այն ազգէն Ու ըսի. «Անոնք սրտով մոլորած ժողովուրդ մըն են, Իմ ճամբաներս չճանչցան»։
11 Ուստի իմ բարկութեանս մէջ երդում ըրի, Որ անոնք իմ հանգիստս չմտնեն։