ՍԱՂՄՈՍ 92

Բարի է գոհանալ Տէրոջմէն Ու սաղմոս ըսել քու անուանդ, ո՛վ Բարձրեալ,
2 Առտուները՝ քու ողորմութիւնդ Ու գիշերները քու հաւատարմութիւնդ պատմել
3 Տասը լար ունեցող նուագարանով ու տաւիղով Եւ քնարի ձայնով։
4 Վասն զի դուն, ո՛վ Տէր, քու գործովդ զիս ուրախացուցիր. Քու ձեռքերուդ գործերովը պիտի ցնծամ։
5 Ո՛վ Տէր, որքա՜ն մեծ են քու գործերդ, Շատ խորունկ են քու խորհուրդներդ։
6 Անմիտ մարդը ասիկա չ’իմանար Ու յիմարը չի հասկնար։
7 Թէ՝ ամբարիշտներուն խոտի պէս բուսնիլը Ու բոլոր անօրէնութիւն գործողներուն ծաղկիլը Իրենց յաւիտենական կորուստին կը տանին։
8 Բայց դուն, ո՛վ Տէր, յաւիտեան բարձր ես։
9 Վասն զի ահա քու թշնամիներդ, ո՛վ Տէր, Վասն զի ահա քու թշնամիներդ պիտի կորսուին, Բոլոր անօրէնութիւն գործողները պիտի ցրուին,
10 Բայց իմ եղջիւրս միեղջերուին եղջիւրին պէս պիտի բարձրացնես։ Եւ նոր իւղով օծուեցայ
11 Եւ իմ աչքերս թշնամիներուս կորուստը տեսան, Իմ ականջներս ինծի դէմ ելնող չարագործներուն կրած պատիժը լսեցին։
12 Արդարը արմաւենիի պէս պիտի ծաղկի, Լիբանանի եղեւինի պէս պիտի մեծնայ։
13 Տէրոջը տանը մէջ տնկուածները Մեր Աստուծոյն սրահներուն մէջ պիտի ծաղկին,
14 Ծերութեան ատեն ալ պտուղ պիտի տան, Պարարտ ու կանանչ պիտի մնան,
15 Որպէս զի պատմեն թէ Տէրը ուղիղ է։ Անիկա իմ Վէմս է ու անիրաւութիւն չկայ անոր քով։